Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

«Տոլմա-2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

Հայ մշակոյթի մաս հանդիսացող հայկական խոհանոցը, ի մասնաւորի աւանդական ազգային ուտեստներու ժողովրդականացումը Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութեան գործունէութեան ուղղութիւններէն մէկն է: Աւանդաբար կազմակերպուած փառատօններու միջոցով կ’ամրապնդուին եւ կը տարածուին այնպիսի ոչ նիւթական արժէքներ, ինչպէս գաթան, հարիսան, ղափաման եւ հայկական ազգային ուտեստները: Այս անգամ հերթը տոլմային էր:

Տոլմայի փառատօնը Թիֆլիսի մէջ անընդմէջ կ’իրականացուի արդէն 6-րդ անգամ՝ տարուէ-տարի աւելի ու աւելի ընդարձակելով իր շրջանակները: Այս տարի անիկա, հարիսայի փառատօնին նման, դարձաւ համահամայնքային ձեռնարկ, որ Վիրահայոց թեմի աջակցութեամբ, հոգեւոր հովիւներու գլխաւորութեամբ եւ շրջաններու մէջ ստեղծուած «Շուշանիկ» եկեղեցասէր տիկնանց միութիւններու կազմակերպութեամբ մեծ հանդիսաւորութեամբ ու շուքով կ’իրականացուի Վրաստանի հայաբնակ վայրերու մէջ:

«Տոլմա-2018» փառատօնը Մայիս 10-ին մեկնարկեց Վիրահայոց թեմի Ռուսթաւիի Սբ. Գրիգոր Նարեկացի հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ, շարունակուեցաւ Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա եւ Արակովա գիւղերուն մէջ եւ Մայիս 18-ին պիտի եզրափակուի  Ծալկայի շրջանին մէջ: Մինչ այդ, Մայիս 13-ին փառատօններ տեղի ունեցան Թիֆլիսի, Պաթումիի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ՝ ամէնուրեք դառնալով յիրաւի տօնական ձեռնարկ, հայ ժողովուրդի միասնութեան դրսեւորում:

Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Թեմակալ առաջնորդի հանդիսապետութեամբ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագէն ետք հաւատացեալները տեղափոխուեցան եկեղեցւոյ բակ, ուր անոնց կը սպասէին հայ տիկնանց կողմէ պատրաստուած տոլմայի տարատեսակները՝ իւրայատուկ ձեւաւորուած, բուրումնաւէտ եւ ախորժալի:

Փառատօնին ներկայ էին յատուկ այս առիթով Հայաստանէն ժամանած առաջին խոհարար Սեդրակ Մամուլեանը՝ Եուրի Սարգսեանի, Էդուարդ Սիմոնեանի, Վազգէն Խաչիկեանի ընկերակցութեամբ: Փառատօնին պատուաւոր հիւրն էր ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի, ծնունդով թիֆլիսցի Լէյլա Սարիբեկեանը: Փառատօնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտները, թեմի հոգեւոր սպասաւորները:

Եկեղեցւոյ բակը լեփ-լեցուն էր մարդոցմով. եկած էին տեղաբնակներ, նաեւ Թիֆլիսի յարակից շրջաններէն, այլազգներ, զբօսաշրջիկներ, որոնք զարմանքով ու հետաքրքրութեամբ կ’իրազեկուէին ձեռնարկին մասին:

«Տոլմա-2018» փառատօնը կազմակերպած էր Վրաստանի հայ կանանց «Շուշանիկ» միութիւնը՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ, «Հայարտուն» կեդրոնին աջակցութեամբ:

Բանալով փառատօնը՝ վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան, անդրադարձ կատարելով տոլմայի աւանդական փառատօնին, զայն անուանեց սիրոյ ճաշ, որ լայնօրէն կ’իրականացուի Թիֆլիսի մէջ: Կարեւոր համարեց փառատօնին «Վրաստան» թերթի, թիւ 104 հայոց դպրոցի, Շուլաւերի «Hobby house» արուեստանոցի եւ Վիրահայոց թեմի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կիրակնօրեայ դպրոցի եւ «Սուրբ Մովսէս Խորենացի» նախակրթարանի մասնակցութիւնը:

Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, շնորհաւորելով ներկաները Երկրորդ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, արժեւորեց Վիրահայ համայնքին մէջ ոչ նիւթական ուտեստներու ժողովրդականացման նպատակով փառատօններու իրականացումը, նաեւ անդրադարձ կատարեց վերջին օրերուն մայր հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, փառատօնը գնահատեց իբրեւ ազգի միասնութեան արտայայտութիւն, համահայկական տօն:

Փառատօնի իրականացումը ողջունեցին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան լրատուական բաժինի ղեկավար Յարութիւն Հայրապետեանը եւ Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանը: Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոսի եւ հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայի կողմէ օրհնուեցան տոլմայով լի կաթսաները եւ փառատօնը յայտարարուեցաւ բացուած:

Մրցատեանի որոշումով՝ փառատօնի բոլոր մասնակիցները ստացան հաւաստագիրեր եւ յուշանուէրներ, անուանակարգերու յաղթողները՝  պրոնզէ, արծաթէ եւ ոսկէ մետալներ:

Փառատօնը հայկական լաւաշ հացով, զովացուցիչ ըմպելիքներով եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներով ապահոված էին «Բեբոս լաւաշի» (Տատիկի հաց) եւ  «Արմէնիա» խանութի «VIVA» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ  նուիրատուներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին