Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Մայիս 24-ին՝ ժամը 19:00-ին, «Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խուբը հանդէս պիտի գայ «Ձօն քաջաց» խորագիրով համերգային ծրագիրով՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100 եւ Արցախեան շարժումի 30-ամեակներուն:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Տնջրէ» աւանդական երգի ու պարի խումբի պարուսոյց Մանուկ Յարութիւնեան ըսած է, որ 14 անդամ ունեցող խումբը ստեղծուած է 2013-ին:
Համերգին նպատակն է հանրութեան ներկայացնել ազգային երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ ազգային մշակոյթը տարածել եւ զայն փոխանցել մատաղ սերունդին:
Յարութիւնեանի խօսքով՝ յառաջիկային կը նախատեսուին աւանդական պարերու բաց դասեր, որոնց կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները: