Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

«Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Հրաշալի Համերգը

Երկար հնչեցին ծափահարութիւնները: Բեմին վրայ հպարտօրէն կանգնած էր «Կարկաչ» երգչախումբը` իր թովիչ ձայնով եւ բարձրորակ կատարումներով: Պատանիներու եւ փոքրերու կատարումներէն ի յայտ կու գային անոնց սէրն ու կառչածութիւնը հայ երգին ու հայ երաժշտութեան նկատմամբ: Ուրախալի էր ականատես ըլլալ եւ հմայուիլ նոր սերունդի հրաշալի կատարումներով:

Կիրակի, 13 Մայիս 2018-ին՝ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակահար` Լիանա Յարութիւնեան:

Խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան: Ան ըսաւ, որ տարիները շատ արագ կը սահին: «Անցեալ տարուան այս օրերուն նշուեցաւ «Կարկաչ»-ի հիմնադրութեան 20-ամեակը, այս տարի Դեկտեմբերին կատարեցինք մեզի համար ստեղծուած հայրենի երաժշտահան Արմէնուհի Կարապետեանի թատերա-երաժշտական ստեղծագործութիւնը, եւ ահաւասիկ այսօր կը ներկայանանք մեր տարեկան ելոյթով` հինգ տարբեր գեղեցիկ առիթներով: Բեմի վրայ մանկական խումբն է, որ իր իւրայատկութիւնը ունի: Կ’երգեն միաձայն եւ իրենց երգեցողութեան առաջին թոթովանքները կը կատարեն` հետագային հասնելու համար արհեստավարժ պատանեկան, աւելի ուշ երիտասարդական երգչախումբ, ապա «Գուսան» երգչախումբ, որպէսզի իրենց քով ամրապնդուին երգչախմբային արուեստի սկզբունքները: Մենք կը հաւատանք մեր առաքելութեան եւ կը շարունակենք»,- ընդգծեց Քէշիշեան:

Յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական խումբը, որ ներկայացուց «Ժառանգներն ենք  Արցախի», «Սիրուն Երեւան», «Անդրանիկ» եւ հայկական ժողովրդական երգաշար` «Ելայ մութին», «Մառան մտայ», «Պուպու-պուպու», «Հինգ էծ ունեմ», «Կապեմ վզիդ», «Արեւ-արեւ», «Լեպհո լէ լէ»:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը, որ ներկայացուց «Կարկաչ», «Հաւատի երգ», «Ելէք հայեր, ելէք քաջեր» երգերը: Երգչախումբը մեկնաբանեց Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած երկու երգ` «Մեր սիրելի Երեւան» եւ «Գարուն Երեւան». վերջինս խմբավարեց Լիւսի Գռուզեան: Երգչախումբը կատարեց նաեւ Արցախի նուիրուած երկու երգ` «Կենաց երգ» եւ «Ղարաբաղցին»: Ուշագրաւ էր հայկական հայրենասիրական երգաշարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին քով: Հիանալի կատարումներ էին նաեւ «Երեւան Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերը: Համերգը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգերով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին