Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

«Կարելի Է Ոչ Արհեստավարժ Երիտասարդներով Յաջողութեան Հասնիլ Եւ Ներկայացնել Բարձր Մակարդակի Արուեստ» . Հարցազրոյց Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Երիտասարդական Նուագախումբ»-ի Խմբավար Վիգէն Չալեանի Հետ

*Հարցազրոյցը վարեց` ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

Օգտուելով գեղարուեստական ձեռնարկներու դադարի շրջանէն` հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Երիտասարդական Նուագախումբ»-ի բազմազբաղ խմբավար Վիգէն Չալեանին հետ:

Հ.- Պարոն Չալեան, ի՞նչպէս սկսաւ ձեր սէրը երաժշտութեան հանդէպ:

Պ.- Ես պատանի տարիքէս կը սիրէի երաժշտական գործիքները, մանաւանդ կը սիրէի թմբուկ նուագել: Թմբուկ նուագել սկսելէս մէկ տարի ետք, 1985-ին  Հայաստանի մէջ երաժշտական փառատօն մը տեղի ունեցաւ եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն մշակութային խումբեր մասնակցեցան:   Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը նուագախումբ մը հիմնեց նախկին լիբանանահայ Վաչէ Երամեանի ղեկավարութեամբ: Խումբը կոչուեցաւ «Պիկ Պէնտ», որովհետեւ Վաչէն արդէն ունէր իր անձնական նուագախումբը «Պիկ Պէնտ» անունով: Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն ալ ունէր իր նուագախումբը «Թիքի Պոյզ» անունով 1960-ականերէն: Միութիւնը փափաքեցաւ միացնել երկու նուագախումբերը եւ դուրսէն ալ հրաւիրել նուագողներ զօրաւոր խումբ մը ունենալու համար: Փափաքեցայ սաքսոֆոն նուագել եւ Պարոն Վաչէն, որ սաքսոֆոնի եւ ջութակի մասնագէտ էր, սորվեցուց այդ գործիքը նուագել: Մէկ տարի ետք արդէն խումբին մաս կազմեցի: Փառատօնին որպէս պատրաստութիւն, Հալէպի ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ ելոյթ ունեցան նուագախումբեր 1983-ին: Պարոն Հրաչ Երէցեանի խումբը եւ «Պիկ Պէնտ»-ը մասնակցեցան: ՀԵԸ-ն ալ ունէր «Եանկ Սթարզ» նուագախումբը: Երբ Հայաստան տեղի ունենալիք փառատօնը չեղեալ համարուեցաւ, «Պիկ Պէնտ» խումբը ցրուեցաւ եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Թիքի Պոյզ» նուագախումբը շարունակեց իր գործունէութիւնը: Սկսայ անձնական դասեր առնել Վաչէ Երամեանէն: Սկսելէս երկու տարի ետք ծանօթացայ Հրաչ Երէցեանին, որ ԱՄՆ-ի մէջ «Պըրքլի»-ի երաժշտական համալսարանը աւարտած արհեստավարժ սաքսոֆոնիսթ էր: Երաժշտական հիմնական գիտելիքներս ստացայ Հրաչ Երէցեանէն: Փոքր խումբերու մէջ նուագեցի: Ապա ՀԵԸ-ը հիմնեց պատանիներու «Պիկ Պէնտ»-ը եւ ես միացայ այդ խումբին: Մինչեւ սուրիական պատերազմին սկիզբը՝ 2011-ին, մենք այդ խումբին հետ տարեկան դրութեամբ ելոյթ կ’ունենայինք:  Ունեցանք մօտ քսան ելոյթ: Խումբին մայեսթրօն Պերճ Երէցեանն էր, ապա Խաչիկ Խաչատուրեանը եւ վերջին տարիներուն ես ստանձնեցի խումբին ղեկավարութիւնը: Հայաստանի երաժշտանոց աւարտած Տիկին Ռուզան Սողիկեանէն մօտ հինգ տարի ստացայ կշռոյթի (harmony) եւ սոլֆէժի դասեր: Հայաստանէն աւարտած ուրիշ տիկինէ մըն ալ առի դասական երաժշտութեան դասեր, որովհետեւ ինք գալարափողի (French horn) մասնագէտ էր: Փորձառութեանս մեծ մասը ՀԵԸ-ի «Պիկ Պէնտ»-ին հետն էր եւ տարբեր նուագախումբերու հետ բեմերու վրայ:

Հ.- Ձեր միջազգային փորձառութիւնը ի՞նչպէս սկսաւ:

Պ.- 2005-ին Դամասկոսի մէջ հիմնուեցաւ «Սիրիըն Սուիս Ճազ Պիկ Պէնտ»-ը զուիցերիական դեսպանութեան եւ սուրիական երաժշտանոցի համագործակցութեամբ: Հալէպէն կային չորս անձեր՝ Նարեկ Ապաճեան՝ դաշնամուր, Հուրի Աբարդեան, Թարըք Ֆահհամ՝ թմբկահար եւ ես՝ սաքսոֆոն: Քառասուն օր փորձ ընելէ ետք ելոյթ ունեցանք ամառը Դամասկոսի բերդին մէջ: Չորս հազար հոգի ներկայ էր ելոյթին: Նախագահին տիկինն ալ ներկայ էր, եւ ձեռնարկը կը վայելէր իր հովանաւորութիւնը: 2006-ին ալ նոյն խումբը ելոյթ ունեցաւ: Այս խումբը ամբողջութեամբ կը բաղկանար արհեստավարժներէ: Ելոյթներուն տեսանիւթերը կը գտնուին «Եութիւպ»-ի վրայ: Նոյն ժամանակ 2003-էն 2008  ես Հալէպի մէջ դասաւանդեցի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցին մէջ՝ որպէս սոլֆէժի եւ սրինգի ուսուցիչ:  Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցին մէջ հիմնեցի սենեկային նուագախումբ՝ բաղկացած ջութակներէ, փողային նուագարաններէ  եւ դաշնամուրէ: 2004-ին ինը հոգինոց խումբ մըն էր, 2005-ին քսաներեք հոգի կար խումբին մէջ: 2007-ին մեծ ելոյթ մը ունեցանք, որուն մեկնաբանողն էր սուրիական պատկերասփիւռի նշանաւոր հայ մեկնաբան ողորմած Վահէ Թեմիզճեանը: Ան շաբաթական մէկ ժամուան ծրագիր մը ունէր սուրիական պատկերասփիւռէն, որուն ընթացքին կը ներկայացնէր դասական երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութիւն:  2007-ին հրաժարեցայ «Սիրիըն Սուիս Ճազ Պիկ Պէնտ»-էն նիւթական պատճառներով: Այդ տարիներուն նաեւ ելոյթներ ունեցայ «Ալէփփօ Ճազ Քուարթէթ»-ին հետ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ: 2010-ին Պերճ Երէցեան վերջին ելոյթը ունեցաւ Հալէպի մէջ եւ ՀԵԸ զիս նշանակեց «Պիկ Պէնտ»-ի մայեսթրօ: 2011-ին ունեցանք մեր առաջին ելոյթը Հալէպի մէջ իմ ղեկավարութեամբ: Նոյն տարուան Ապրիլին արդէն Սուրիոյ դէպքերը սկսան: 2012-ին վիճակը աւելի վատթարացաւ եւ 6 Օգոստոս 2013-ին ստիպուեցայ հեռանալ Հալէպէն եւ հաստատուիլ Պէյրութ: Հալէպի մէջ մեր վերջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Փետրուար 2012-ին ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ:

Հ.- Պէյրութի մէջ ի՞նչ ըրիք:

Պ.- Սկիզբը բաւական դժուար օրեր էին: Բարեկամս՝ Մկրտիչը, որ նշանաւոր «Կոմիտաս» նուագախումբին անդամ է, Տիրան Սարգիսեանի մօտիկ բարեկամն է եւ լսած է իրմէ, թէ կ’ուզէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան նուագախումբ մը հիմնել «Պիկ Պէնտ» անունով: Խօսեցայ Տիրանին հետ եւ ատեն մը սպասեցի: Նշանաւոր Զիատ Ռահպանիի «Ռազ Ճազ Քլապ»-ի նուագախումբին մէջ աշխատեցայ Նոյեմբեր 2013-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2014: Յետոյ հրաւէր ստացայ ՀԵԸ-ի փողերախումբը ղեկավարելու եւ մօտ մէկ տարի ստանձնեցի այդ պաշտօնը: Փողային ինը նուագողներէ բաղկացած խումբով մէկ ելոյթ ունեցանք: 2015-ի Յունուարին սկսանք Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պիկ Պէնտ» նուագախումբի փորձերուն: Այս առաջին անգամն էր, որ նուագախումբ մը ելոյթ կ’ունենար Լիբանանի մէջ հայկական միութեան մը հովանիին տակ: Առաջին ելոյթը ունեցանք 2015 Դեկտեմբերին: Նոյնը կրկնեցինք 2016-ին: 2017-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավարութիւնը ինձմէ խնդրեց խումբը վերածել երիտասարդական խումբի փոխան նախկին արհեստավարժներու խումբին, նոր սերունդին եւ հայ երիտասարդներուն առիթ տալու համար: Խումբին թիւը հասաւ քսաներեքի եւ ինծի համար դժուար եղաւ աշխատիլ սիրողական երիտասարդներու հետ, նախկին արհեստավարժներուն փոխարէն: Լուրջ աշխատանքը սկսանք Յունիսին եւ բեմ բարձրացանք Յունուար 2018-ին:  Տասնվեց գործ ներկայացուցինք:

Հ.- Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

Պ.- Մեծ խանդավառութիւն կայ մեր առաջին ելոյթէն ետք: Լիբանանահայութեան մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ, որ կարելի է ոչ արհեստավարժ երիտասարդներով յաջողութեան հասնիլ եւ ներկայացնել բարձր մակարդակի արուեստ:  Խումբին միանալ ուզողներ կան ներկայիս, որ շատ լաւ նշան է: Խորապէս շնորհակալ եմ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավարութեան իր նեցուկին համար: Շնորհակալ եմ այն մեծ վստահութեան համար, զոր միութիւնը ունի ինծի հանդէպ: Այս կու գայ միութեան ղեկավարութեան մտաւորական մակարդակէն, որ գիտէ գործը յանձնել եւ ազատութիւն շնորհել խումբի ղեկավարին: Ասոր համար մեծապէս շնորհակալ եմ: Այս կու գայ մարդկային մօտեցումէն: Յաջողութիւնը ասոր կը պարտինք: Տարեկան ելոյթը պիտի ունենանք Նոյեմբերին: Պիտի մասնակցինք Զուք Միքայէլի տարեկան փառատօնին: Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ընկ. Յակոբ Գասարճեանին իր անվերապահ նեցուկին համար, ընկ. տոքթ. Յակոբ Փափազեանին՝ իր կատարած մեծ գործին համար, Հիմնադիրներու Մարմնին եւ ընկ. Տիրան Սարգիսեանին:

Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր կատարած ազգանուէր եւ մշակութային մեծ գործին համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին