Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ Մայիս 11-ին տեղի ունեցած է ամերիկահայ Լութովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեաններու անուան արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական կեդրոնի բացման արարողութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։
Մինչեւ կեդրոնին բացումը, ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղապալեան, Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի տնօրէն Վարդան Յակոբեան, ՀՀ գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, Հայաստանէն ժամանած հիւրեր եւ համալսարանի դասախօսներ ծաղիկներ խոնարհած են Գրիգոր Նարեկացիի հարթաքանդակին մօտ:
Կեդրոնի բացման պատիւը տրուած է Վարդան Յակոբեանին եւ արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն, Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս Ամալիա Գրիգորեանին:
Ելոյթ ունեցած է նախարար Նարինէ Աղապալեան: Ան ըսած է, որ գիտահետազօտական բաղադրիչները շատ կարեւոր մաս կը կազմեն կրթութեան մէջ, եւ այս կեդրոնին բացումով Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի ղեկավարութիւնը կարեւոր կը համարէ արեւմտահայերէնի ուսուցումը՝ ձեռնարկելով քայլերու՝ ուսանողութիւնը գործընթացին ներգրաւելու համար:
Ն. Աղապալեանի խօսքով՝ բարձրագոյն կրթութեան եւ անոր որակի զարգացման խնդիրները պիտի շարունակեն ըլլալ ԿԳՄ նախարարութեան ուշադրութեան առարկաները. նախարարութիւնը հետեւողական ջանքեր եւ աշխատանք կ’ակնկալէ այս կեդրոնին գործունէութենէն:
Նախարարը կեդրոնին նուիրած է Սարգիս արքեպիսկոպոս Ջալալեանցի
«Ճանապարհորդութիւն ի Մեծն Հայաստան» գիրքը:
Վարդան Յակոբեան, իր հերթին, նշած է, որ համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական կեդրոն բանալը միշտ ալ եղած է իրենց ծրագիրներուն մէջ:
Անոր խօսքով՝ անցեալ տարի իր հրաւէրով անուանի գիտնական, բանաստեղծ
Յակոբ Այնթապլեան իր կնոջ՝ Լութովիկայի հետ ժամանած է Արցախ, այցելած է նաեւ իրենց համալսարանը. այդտեղ ալ քննարկուած է Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական կեդրոն ունենալու հարցը:
Կեդրոնը յագեցած է անհրաժեշտ գրականութեամբ, ճարտարագիտական միջոցներով, ստեղծուած են պայմաններ աշխատանքները պատշաճ կազմակերպելու համար:
Արեւմտահայերէնի, հայագիտութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Ամալիա Գրիգորեան իր հերթին տեղեկացուցած է, որ նորաբաց կեդրոնին մէջ գրաբար, արեւմտահայերէն, արեւմտահայ գրականութիւն, հայկական հարցի պատմութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն նիւթերէն կ’անցնին եռամսեայ դասընթացքներ:
«Ուսուցումը կը տարուի ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան: Դասընթացքներուն կը մասնակցին ինչպէս Գրիգոր Նարեկացի, այնպէս ալ Արցախի պետական համալսարաններու եւ այլ համալսարաններու ուսանողներ: Դասընթացները կը վարեն Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի լաւագոյն մասնագէտներ: Դասընթացքներու աւարտին ուսանողները համալսարանին կողմէ պիտի ստանան վկայագիրեր»,- նշած է Ա. Գրիգորեան եւ աւելցուցած, որ կեդրոնը պարբերաբար պիտի կազմակերպէ տարբեր ձեւաչափերու հանդիպումներ գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի նշանաւոր գործիչներու հետ: