Մայիս 9-ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայրենական Մեծ պատերազմին ընթացքին տարուած յաղթանակին եւ Շուշիի ազատագրման 26-ամեակին, որուն ներկայ էին Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան եւ դեսպանութեան ողջ անձնակազմը, հոգեւորականներ, Արցախեան պատերազմի թիֆլիսաբնակ ազատամարտիկներ, մտաւորականներ, վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ խորհրդանշական է, որ Մայիս 9-ը կ’ամբողջացնէ հայ ժողովուրդի տօնացոյցին փառաւոր յաղթանակներէն երկուքը, զորս եկան մարմնաւորելու մեր համազգային միասնութիւնն ու համախմբուածութիւնը, ազատատենչ ոգին ու անկոտրում կամքը։ Անդրադառնալով Մեծ Հայրենական պատերազմին ընթացքին տարուած յաղթանակին՝ դեսպան Սադոյեան ընդգծեց անոր կերտման գործին մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած նշանակալի աւանդը։
Ռուբէն Սադոյեան, խօսելով Շուշիի ազատագրման մասին, նշեց, թէ ատիկա կեանքի եւ մահուան հարց էր, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ, եւ մենք նոյն Մայիս 9-ին կրկնեցինք մեր հայրերու եւ մեծ հայրերու սխրանքը՝ բեկելով պատերազմին ընթացքը։
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ Սամուէլ Ռամազեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Շուշի քաղաքի բազմամեայ պատմութեան, Շուշիի ազատագրման նախօրէին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան՝ մասնաւորապէս ընդգծելով այն նախադրեալները, որոնք հիմք ծառայեցին Շուշիի ուղղութեամբ Հայոց զինուժի անկասելի գործողութիւններուն։ Գնդապետ Ռամազեան խօսեցաւ հայուն բնորոշ ազատատենչ ու անսասան ոգիին մասին, որ հայ զինուորին ուղեկցեցաւ Շուշիի ազատագրման ժամանակ։
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան Հայրենական Մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրման նուիրուած փաստավաւերագրական ֆիլմեր, հայերնասիրական երգերու կատարումներով հանդէս եկան «Հայարտուն» կեդրոնի սաները։
Մայիս 9-ին Հայրենական Մեծ պատերազմին ընթացքին տարուած յաղթանակին առիթով Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտները նաեւ այցելեցին Թիֆլիսի մէջ բնակող հայ վեթերաններուն եւ շնորհաւորեցին՝ Յաղթանակի օրուան առիթով։
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ հաղորդագրութիւն






