Իսթամպուլի հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը թրքական բանակի 300 զինծառայող ձերբակալելու որոշում կայացուցած է։
Անոնք կը մեղադրուին Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենական համայնքի հետ կապեր ունենալու մէջ։
Բերման ենթարկելու գործողութիւնները սկսած են Մայիս 11-ի լուսադէմին։ Առ այժմ ձերբակալուած է 150 հոգի:
Վերոնշեալ զինծառայողներու կապը կիւլենականներու հետ պարզուած է անոնց հեռախօսներու գաղտնալսման արդիւնքով։ Զինուորները հեռախօսով կապ հաստատած են կիւլենական համայնքի շարք մը հոգեւորականներու հետ։






