«Akunq.net»-ը, վկայակոչելով Սայիտ Այաշլըօղլուի թուիթըրի էջին վրայ հրապարակուած լուսանկարը, ուր ներկայացուած է Անգարան 1718-ին, կը յայտնէ, թէ Անգարայի հայկական հին գերեզմանոցին վրայ կառուցուած է Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանի շէնքը:
Աղբիւրին համաձայն՝ 18-րդ դարուն Անգարայի մէջ ապրած են 40,000 թուրքեր, 5,000 հայեր եւ 600 յոյներ: Հայկական գերեզմանոցը կ’երեւի նկարին ձախ կողմը:






