Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Տինքի Սպանութեան Տեղեկագիրերը Պահած Պաշտօնատարը Կրնայ 7.5-15 Տարի Բանտարկուիլ

Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ բացուած դատը, որ անվերջանալի կը թուի ըլլալ, վերջերս շարունակուեցաւ ու այս անգամ կարեւոր զարգացում մը արձանագրեց։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։

Դատախազութիւնը ամբաստանագիր մը պատրաստեց Օրտուի փոխկուսակալ եւ նախորդ շրջանի պետական աւագ քննիչ Մեհմետ Ալի Էօզքըլընճի դէմ՝ պնդելով, որ ան դիտումնաւոր կերպով պահած է այդ տեղեկագիրերը, ուր նշուած էր, թէ Հրանդ Տինք անպայմա՛ն պէտք է սպաննուի։

Դատախազութիւնը կը պնդէ, որ Էօզքըլընճ այս կերպով նաեւ նպաստած է այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան, հակառակ անոր որ փաստեր չկան, թէ ինք այդ կազմակերպութեան անդամ է։

Ուստի, դատախազութիւնը 7.5էն մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան պատիժ կը պահանջէ Էօզքըլընճի համար։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին