Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արիութեան Դաս՝ Եռատօնին Ընդառաջ

Մայիս 7-ին Արցախի բոլոր կրթօջախներուն մէջ արիութեան դասեր կազմակերպուեցան: Այդ դասերը կը վարեն Պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան սպաները՝ երիտասարդներուն ներկայացնելով Մայիսեան եռատօնի խորհուրդը: Արցախի պետական համալսարանին մէջ Արիութեան դասը Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը վարած է: Ներկայ եղած է նաեւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղապալեանը:

Լեւոն Մնացականեանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց Մայիս ամսուան խորհրդանշական նշանակութիւնը հայութեան համար: Բացի եռատօնէն, Մայիսին տեղի ունեցած է Աւարայրի ճակատամարտը, Սարդարապատի հերոսամարտը, դարերու ընդմիջումէն ետք Մայիս 28-ին հայկական պետականութեան վերականգնումը՝ ի դէմս Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, որուն 100-ամեակը կը նշենք 2018-ի Մայիս 28-ին: «Այդ ամէնը հնարաւորութիւն կու տայ նորովի գնահատելու անցեալն ու ներկան: Շուշիի ազատագրումը կը ներկայացուի ոչ միայն որպէս յաղթանակ, այլեւ ռազմարուեստի յաջողութիւն եւ բեկումնային պահ՝ ժողովուրդին մէջ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի ձեւաւորման առումով: Շուշիի յաղթանակը հիմք հանդիսացաւ կանոնաւոր բանակ ունենալու համար»,- ուսանողներու հետ հանդիպումին նշած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարը՝ աւելցնելով, որ չնայած Արցախի բանակը այսօր անհամեմատ աւելի հզօր է, աւելի ապահովուած ու զինուած ժամանակակից հնարաւորութիւններով, այնուամենայնիւ պէտք է յիշել, որ մեկնարկը տրուած է 1992-ին, Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութեամբ: Պաշտպանութեան նախարարը խօսած է նաեւ այս օրերուն առաջնագիծին վրայ տիրող իրավիճակի մասին: Մայիսի սկիզբը առաջնագիծին վրայ հակառակորդի ուժերու կուտակումներ արձանագրուած են: Հետագայ օրերուն, սակայն, իրավիճակը հանդարտած է:


Առաջին
Շնորհաւորանքները՝ Դիրքապահներուն

Առաջնագիծ գտնուող զինծառայողը ուշադրութեան պակաս չի զգար տարուան ամբողջ ընթացքին, բայց յատկապէս Եռատօնին ընդառաջ՝ այդ վերաբերմունքը առանձնապէս կ’ընդգծուի: Այս տարի ալ բացառութիւն չեղաւ: Տօնական սեղաններուն շուրջ նստելէ ու յաղթանակներուն համար բաժակ բարձրացնելէ առաջ շատերը իրենց պարտքը կը համարեն այցելել դիրքապահներուն՝ առաջին շնորհաւորանքները անոնց փոխանեցելու համար:

Ապրիլի վերջերուն որոշ լարուածութիւն կար: Մայիսի առաջին օրերէն առաջնագիծին վրայ լարուածութիւնը թուլացած է, կը պատմեն դիրքապահները: Հակառակորդի սովորութիւներուն ալ արդէն ծանօթ են: Սովորաբար տօներու շրջանին կը փորձեն սադրանքներու դիմել: Դիրքապահներն ալ յատկապէս այդ օրերուն կը կրկնապատկեն զգօնութիւնը: Հակառակորդի տեղաշարժերուն հետեւելու հնարաւորութիւնները աւելցած են: Ծառայութեան բնականոն ընթացքը կը խաթարուի հիւրերու գալուստով: Դիրքապահները անձեռնմխելի են. հիւրերուն կը դիմաւորեն արթուն հերթափոխի տղաները: Կը հնչեն առաջին շնորհաւորանքները առաջնագիծ հասած Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն: «Այս այցերը կարեւոր են, կ’ոգեւորեն զինծառայողները: Եւս մէկ անգամ կը համոզուիմ, որ իրենք միայնակ չեն, որ ողջ ժողովուրդը իրենց կողքին է»,- կը կարեւորէ Պաշտպանութեան բանակի փոխգնդապետ Սեւակ Աբրահամեանը:

 

Հայրերու Հետքերով

Եռատօնի նախօրէին շուրջ 300 երիտասարդներ Ստեփանակերտէն քայլարշաւ իրականացուցած են դէպի Շուշի: Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի համատեղ նախաձեռնութիւնը «Հերոսներու հետքերով» հայրենասիրական դաս-արշաւը նուիրուած էր Հայրենական Մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 73-րդ, ԱՀ ՊԲ կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձներուն: Երիտասարդներու հետ նաեւ Շուշիի ազատագրման մասնակիցները միացած են քայլարշաւին: Արշաւը չորս ուղղութիւններով կայացած է այնպէս ինչպէս 26 տարի առաջ՝ Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութիւնը: Շուշի հասնելէ ետք արշաւի մասնակիցները Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ բակին մէջ միասին բացած են Արցախի պետական դրօշը եւ եկեղեցւոյ մէջ օրհնութիւն ստացած են: «Կոպեկ անգամ չարժէ այդ սերունդը, որ չ’օգներ յաջորդ սերունդին իրմէ աւելի լաւ եւ ուժեղ ըլլալու համար: Այսօր մենք մեր փորձը երիտասարդներուն կը փոխանցենք, որպէսզի իրենք մեզմէ ուժեղ ըլլան»,- կը վստահեցնէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը:

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան  նախարարութեան  երիտասարդութեան հարցերու բաժնի առաջատար մասնագէտ Անի Քափլանեանի խօսքերով՝ միջոցառման նպատակն է, որ երիտասարդները պատկերացնեն, թէ ի՛նչ դժուարին ուղի անցած է հայ ժողովուրդը, ի՛նչ ջանքերու եւ զոհողութիւններու գնով ունինք այսօրուան Շուշին եւ Արցախի Հանրապետութիւնը:

 

Շուշին՝ Հայոց Գիտամշակութային Մայրաքաղաք Դառնալու Ճանապարհին

Մայիս 9-ին Եռատօնի տօնական տրամադրութիւնը Արցախի մայրաքաղաքի կեդրոնական՝ Վերածնունդի հրապարակը խտացած էր: Եռամիասնութիւնը այստեղ հիւրերու ծով բազմութեամբ կը խորհրդանշուէր: Հսկայական եռագոյնով ու յաղթանակները շարունակելու տրամադրութեամբ՝ երիտասարդները գլխաւորած են երթը՝ Վերածնունդի հրապարակէն դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Յուշահամալիր ժամանած է պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յարգանքի տուրք մատուցած են անոնց, որոնց կեանքի գնով կերտուած են յաղթանակները:

Ստեփանակերտի յուշահամալիրէն պաշտօնական պատուիրակութիւններն ու հարիւրաւոր հիւրերը Շուշի ուղեւորուած են: Երթուղին նոյնն է. 10 քիլոմեթր կամ կէս ժամ՝ մէկ տարուան ընթացքին իրագործուածը գնահատելու, վերագնահատելու, մինչեւ յաջորդ Մայիս 9-ն ընելիքներու պարագային առաջնահերթութիւնները յստակացնելու համար: Հերոսներու ճամբով անցնիլը իւրաքանչիւրին ակամայ կը ստիպէ մտովի հաշուետուութեան տալ ինքն իրեն եւ մէկ անգամ ալ խոստանալ, որ հերոսներու գործը կիսատ չի մնայ:

Աւշառեանները 5 եղբայրներով առաւօտ կանուխէն եկած են Թանկ-յուշարձանի մօտ: Ամէն տարի կու գան: Եղբայրներէն Գագիկ Աւշառեանը Շուշին գրոհելու ատեն առաջին խոցուած հրասայլի հրամանատարն էր 1992-ի Մայիսին: Հրասայլը նոյն տարածքին խոցուած է 1992-ին: Ան չէր ալ պատկերացներ, թէ այդ նոյն հրասայլը Շուշիի յաղթանակի խորհրդանիշը պիտի դառնայ: Շուշին գրոհողները այլ խնդիր ունէին: «Այդ օրերուն մենք միայն մէկ երազ ունէինք՝ չէզոքացնել Ստեփանակերտի գլուխին կախուած մահուան սպառնալիքը: Կեանքը նկուղներ տեղափոխուած էր: Մեր երեխաները ցերեկուան լոյս չէին տեսներ: Իմ աղջիկս, որ 4 ամսու էր, արեւ չէր տեսած. Գիշերը զինք դուրս կը հանէինք, որ քիչ մը մաքուր օդ շնչէ: Մենք պարզապէս ստիպուած էինք ազատագրել Շուշին»,- կը պատմէ Գագիկ Աւշառեանը՝ արդէն գնդապետի ուսադիրներով:

Ստեփանակերտէն Շուշի բարձրացող շարասիւնը կը կանգնի Թանկ-յուշարձանի մատոյցներուն առջեւ: Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ կը խոնարհեն՝ Շուշին ազատագրելու համար իրենց կեանքը զոհած հերոսներու յիշատակին:

Յաջորդ կանգառը Շուշի էր: Վազգէն Սարգսեանի արձանին առաջին ծաղիկները առաւօտ կանուխէն Շուշեցի փոքրիկները դրած են: Պաշտօնական պատուիրակներու եւ հիւրերու ժամանումով՝ արձանի պատուանդանին ծաղիկ-ծաղկեփունջերու բլուրը աւելի բարձրացաւ:

Անցնող ամէն տարին նորութիւն մը կ’աւելցնէ Շուշիի վերականգնման ճանապարհին: ՀՀ Կեդրոնական դրամատան նախաձեռնութեամբ Շուշիի մէջ Հայկական դրամի նորաբաց թանգարանը այս տարուան նորութիւններէն մէկն էր: Առաջին այցելուները Հայկական երկու հանրապետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներն են՝ Արցախի նախագահի եւ ՀՀ վարչապետի գլխաւորութեամբ:

Մայիս 9-ն կարծես հաշուեյարդարի օր է, ուր կը գնահատուի եղածն ու չեղածը: Քաղաքի դիմագիծը ակնյայտօրէն կը փոխուի. բան մը, որ հիւրերն ալ կը տեսնեն եւ կը գնահատեն: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը օրուան խորհուրդը կը համարէ, որ «մենք Շուշի պէտք է գանք ոչ թէ Մայիս 9-ին, այլ որքան կրնանք շատ: Ես իմ ընտանիքովս, կարելի է ըսել, հոս հաստատուած եմ: Եւ, կրնամ ըսել, կը տեսնեմ, թէ տարուէ-տարի ի՛նչպէս կը վերափոխուի, կը բարեկարգուի Բերդաքաղաքը: Անիկա պէտք է մեր ազգային մշակութային կեդրոնը դառնայ»:

Պատասխանատուները Շուշիի հետագայ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները կ’ընդգծեն: Շուշիի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեանը առաջին հերթին զբօսաշրջային ուղղութիւնը կ’առանձնացնէ. նախորդ տարի 15-16 հազար զբօսաշրջիկ ընդունած են: Բերդաքաղաքը նաեւ գիտական ու մշակութային կեդրոն դառնալու ոչ թէ պարզապէս յաւակնութիւններ, այլ լուրջ հնարաւորութիւններ ունի, կ’ընդգծէ Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղապալեանը: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանն ալ իր լիազօրութիւններուն մէջ ներառուած ոլորտներէն ներս իրագործուածը կ’ամփոփէ եւ հետագայ ընելիքները կը ներկայացնէ. «Պէտք է տարուան ընթացքին գոնէ մէկ նոր թանգարան բանանք Շուշիի մէջ, նոր հիւրանոց մը, հիւրատուն աւելցնենք, նոր եւ հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ հանդէս գանք, ինչ որ աւելի ճանաչելի կը դարձնէ Բերդաքաղաքը»:

Տօնական միջոցառումները Շուշիի մէջ շարունակուած են մինչեւ երեկոյ: Երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ տօնական համերգը կայացած է՝ համազգային նուագախումբի մասակցութեամբ: Տօնական օրը շքեղ հրավառութիւնը ամփոփած է:

 

Պարգեւատրում՝ Եռատօնի Առթիւ

Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ Մայիս 8-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն: Պետական պարգեւներու արժանացած են պաշտպանութեան բանակի սպաներ, ազատամարտիկներ: Միջոցառման ներկայ էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

        Մայիս 9-ին նախորդող օրը կ’արժեւորուի պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Այս անգամ եւս Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ժամանակ ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան, Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ մասնագիտական արդիւնաւէտ ու նուիրուած գործունէութեան համար պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինծառայողներ եւ ազատամարտիկներ արժանացած են պետական բարձր պարգեւներու: «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի  առաջին տեղակալ, ՊԲ հրամանատարութեան կազմի պետ Կարէն Աբրահամեանը: Արցախի սահմաններու անառիկութիւնը պահելու ժամանակ ցուցաբերած քաջութեան համար խումբ մը զինծառայողներ արժանացած են «Արիութեան համար» մետալի: Զինուորական բժիշկը, հրասայլավարն ու դիպուկահարը ընդհանուր գործ կը կատարեն: Տօնական օրերը առիթ են նաեւ կոչումներ շնորհելու համար: Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով ոստիկանութեան հրամանատարի կոչում շնորհուած է Արցախի ոստիկանապետի առաջին տեղեկալ Անդրանիկ Յակոբեանին:

Զինուորականները, ազատամարտիկներն ու խաղաղ բնակիչները, իւրաքանաչիւրը իր ուժերուն ներած չափով եւ ծառայողական պարտականութիւններու ծիրին մէջ ու քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութեամբ իր նպաստը կը բերէ մեր ընդհանուր հայրենիքի պաշտպանութեան ու բարգաւաճման: Լեռնիկ Սարգսեանը առաջին աստիճանի «Մարտական խաչ» շքանշանի արժանացաւ յետմահու: Նախագահ Բակօ Սահակեանը զայն յանձնեց ազատամարտիկի մօրը:

Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ մեր փորձառու ազատամարտիկները, անոնք, որոնք թրծուած էին առաջին պատերազմին, առաջնագիծ էին: Ալպերթ Պապայեանը անոնցմէ մէկն է: Եռատօնի նախօրէին ան պարգեւատրուեցաւ «Շուշիի ազատագրման համար» մետալով:

«Յաղթանակը կը կերտուի կորուստներու գնով, Հայրենիքի պաշտպանութիւնը իրականացնելու ժամանակ անմահացան հազարաւոր նուիրեալներ: Սերունդներու պարտքն է միշտ վառ պահել անոնց պայծառ յիշատակը, իսկ անոր լաւագոյն միջոցը Արցախի Հանրապետութեան ամրապնդումն է»,- պարգեւատրուողներուն ուղղուած շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին