Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

Կառավարութեան Առաջին Նիստը Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Կը Կայանայ Այսօր

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին նիստը նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ կը կայանայ Մայիս 11-ին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը տեղի կ’ունենայ Մայիս 11-ին՝ ժամը 11:00-ին»,- կ’ըսուի կառավարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Մայիս 8-ի յատուկ նիստին կայացած անուանական, բաց քուէարկութեամբ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուեցաւ ՀՀ վարչապետ: Փաշինեանի օգտին կողմ քուէարկեց 59, դէմ՝ 42 պատգամաւոր:

Համաձայն ՀՀ սահմանադրութեան՝ կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէ ետք՝ տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ: Իր նշանակումէն ետք վարչապետը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ Հանրապետութեան նախագահին կ’առաջարկէ փոխվարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուները: Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք քսանօրեայ ժամկէտի մէջ վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը:

ԱԺ-ն կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն կու տայ եօթնօրեայ ժամկէտի մէջ` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ: Եթէ ԱԺ-ն հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին եւ չընտրէ նոր վարչապետ, ապա ԱԺ-ն կ’արձակուի իրաւունքի ուժով: Եթե Ազգային ժողովը ընտրէ վարչապետին, սակայն դարձեալ հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին, ապա Ազգային ժողովը կ’արձակուի իրաւունքի ուժով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին