Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 10-ին Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի համար մատուցուած սուրբ պատարագին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Միջոցառումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեա նախարար Լեւոն Մնացականեանը, ՊԲ բարձրագոյն հրամանատարութեան կազմը, զինծառայողներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:






