Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Վիգէն Սարգսեանը Ապագայ ՊՆ-ին Խորհուրդ Կու Տայ Կոշտ Արձագանգել Բողոքի Ցոյցին Միացած Խաղաղապահներու Քայլին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեանը յաջորդ նախարարին կը յորդորէ ծառայողական քննութեան աւարտէն ետք կոշտ արձագանգել պայմանագրային զինծառայողներուն զանգուածային բողոքի ցոյցին միանալու կապակցութեամբ։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, նախարարը ընդգծեց, որ ՀՀ օրէնսդրութեամբ զինուորականներու մասնակցութիւնը քաղաքական ցոյցերուն անթոյլատրելի է: «Ապագայ պաշտպանութեան նախարարին, անկախ անկէ, թէ ո՛վ կ’ըլլայ ու ինչքանո՛վ իր սրտով կ’ըլլայ տեղի ունեցածը, ես կը յորդորեմ ու խորհուրդ կու տամ շատ կոշտ արձագանգել ծառայողական քննութեան լիարժէք աւարտէն ետք: Ես անձամբ ընդունած եմ զօրամասի հրամանատարի զօրացրման դիմումը, ուղարկած եմ կառավարութիւն, ուրկէ ալ ՀՀ նախագահի հաստատման: ՀՀ նախագահը, ըստ սահմանադրութեան, պէտք է ձեռնարկէ համապատասխան քայլերու»,- ըսաւ Վիգէն Սարգսեանը: Ան նշեց, որ ցաւով ընդունած է զօրամասի հրամանատարի ազատման զեկուցագիրը, քանի որ իր կողմէ յարգուած սպայ է, բայց կը հասկնայ զեկուցագիրի իմաստը, ինքն ալ առնուազն նոյնպէս կը վարուէր:

Վիգէն Սարգսեանի խօսքով՝ Զինուած ուժերը չափազանց բացասական գնահատած են խաղաղապահ գունդի զինծառայողներուն կողմէ իրականացուած այդ քայլը (Ապրիլ 23-ին միացած են Նիկոլ Փաշինեանի կողմնակիցներու նախաձեռնած բողոքի քայլերթին), քանի որ, ըստ իրեն, բանակի նմանատիպ ցոյցերու որեւէ ձեւով ներգրաւումը անմիջապէս դուռ կը բանայ ու կ’օրինականացնէ բանակի մասնակցութիւնը, ինչ որ անթոյլատրելի է եւ վտանգներով լեցուն: Պաշտօնեան տեղեկացուց, որ խօսքը 209 զինծառայողներու մասին է:

Ինչ կը վերաբերի խօսակցութիւններուն, թէ խաղաղապահ գունդի զինծառայողները որոշած են միանալ ցոյցի մասնակիցներուն, երբ ոստիկանները իրենց հետ ուսուցում իրականացուցած են նման իրավիճակներու պարագային ցուցարարներուն հետ վարուելու ուղղութեամբ, ՊՆ պաշտօնակատարը նկատեց. «Եթէ ուշադիր կարդաք օրէնսդրութիւնը, ապա կը տեսնէք, թէ Զինուած ուժերու որեւէ ստորաբաժանում, որ կրնայ արտակարգ դրութեան ռեժիմի պահպանման գործընթացին մէջ ներգրաւուիլ, օրէնսդրութեամբ շատ յստակ սահմանափակուած է իր գործառոյթներուն մէջ։ Մասնաւորապէս ԶՈՒ-ն կրնայ ներգրաւուիլ արտակարգ դրութեան ռեժիմի պահպանման գործընթացին մէջ, միայն երբ ոստիկանութեան եւ ԱԱԾ համապատասխան ուժերը չեն բաւականացներ նախատեսուած միջոցառումները իրականացնելու համար»:

Վիգէն Սարգսեանի դիտարկմամբ՝ ներգրաւուելու պարագային ալ ԶՈՒ-ն կրնայ ծառայութիւն կատարել շատ կարեւոր տեղամասերու պահպանութեան առումով եւ ո՛չ ցոյց ցրելու: «Զինուած ուժերը համապատասխան գիտելիք, հմտութիւն ու միջոցներ չունի, որոնք անհրաժեշտ են զանգուածային ցոյցերուն որեւէ կերպ միջամտելու համար»,- աւելցուց ՊՆ պաշտօնակատարը:

Պաշտօնեան աւելցուց, որ, ըստ օրէնսդրութեան, ոստիկանութիւնը պէտք է պարբերաբար ԶՈՒ համապատասխան ստորաբաժանումներու ուսուցում կազմակարպէ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ապրիլ 23-ին յայտարարած էր, որ «խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ գունդի խումբ մը զինծառայողներու մասնակցութիւնը Ապրիլ 23-ին Երեւանի մէջ սահմանուած կարգի խախտումով կազմակերպուած հաւաքին»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին