Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Հայկական Բանակը Կը Գտնուի Բարձր Մակարդակի Վրայ. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է ԱՀ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին, ուր տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է առաջնագիծի ռազմական իրավիճակը: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ հակառակորդը զսպելու ռազմական սարքրերու կատարելագործման վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւս ցոյց տուած են, որ հայկական բանակը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ:  Վարչապետը ընդգծած է, որ զինուած ուժերու հետ կապուած բոլոր խնդիրները պիտի գտնուին ՀՀ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին