*ԽՈՍՐՈՎ ԽԼՂԱԹԵԱՆ*
Առաւօտ կանուխէն Գեղարքունիքի մարզի քաղաքային եւ գիւղական համայնքներուն մէջ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կրթամշակութային, առողջապահական հաստատութիւններու, այլ հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու աշխատողներէն, Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներէն, պատանի երկրապահներէն եւ դպրոցականներէն կազմուած երթերը ուղղուեցան դէպի Մեծ հայրենականի եւ Արցախեան ազատամարտի զոհերու յուշարձաններ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հերոսներու յիշատակին եւ նշելու Մայիսեան յաղթանակներու տօնը:
«Արմէնփրես»-ի տեղեկացումով՝ Գաւառ քաղաքին մէջ Մեծ հայրենականի եւ Արցախեան ազատամարտի զոհերու յուշարձան այցելեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Գեղարքունիքի մարզպետարանի եւ Գաւառի քաղաքապետարանի, պետական ու տեղական ենթակայութեամբ գործող հիմնարկներու աշխատակիցներ, անհատ քաղաքացիներ, դպրոցականներ: Իր յարգանքի տուրքը մատուցելու եկած էր նաեւ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերան, Գաւառ քաղաքի բնակիչ, 92-ամեայ Ռաֆիկ Քեվէեանը: «Ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած եմ 1944 թուականէն:
Մեծ յաղթանակի օրը ես դիմաւորած եմ գերմանական գիւղի մը մէջ: Մեր զօրքը կը ցնծար յաղթանակի լուրէն: Յետոյ տուն վերադարձայ, ընտանիք կազմեցի, տուն-տեղ հիմնեցի, զաւակներ ու թոռնիկներ ունեցայ, հիմա ալ երջանիկ ծերութիւն կը վայելեմ: Կրկնակի ուրախացայ Շուշիի ազատագրման լուրէն: Փառք ու պատիւ հայ զինուորին, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել մահացու թշնամին, որուն արդիւնքով է միայն, որ այսօրուան խաղաղութիւնը կը վայելենք: Ամէն տարուան Մայիս 9-ին խոնարհելու կու գամ այս յուշարձանին առջեւ՝ ապրելով առանձնակի հպարտութիւն»,- «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին նշեց Մեծ հայրենականի վեթերան Ռաֆիկ Քեվէեանը:
Գաւառի երաժշտական դպրոցին տեղի ունեցաւ գրական-երաժշտական ցերեկոյթ՝ նուիրուած Մեծ հայրենականի եւ Արցախեան գոյամարտին տարուած յաղթանակներուն, որուն ընթացքին Գաւառի քաղաքապետ Գուրգէն Մարտիրոսեանը դրամական պարգեւներ յանձնեց Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից՝ 5, Արցախեան ազատամարտին զոհուած եւ վիրաւորուած՝ 38, Յատուկ գունդի՝ 4 եւ Հունգարիոյ քաղաքական դէպքերու մասնակից 2 վեթերաններու ընտանիքներուն:
Ճամբարակ համայնքին մէջ համայնքապետարանի աշխատակազմը, Ճամբարակի զօրամասի հրամանատարութիւնը, պետական մարմիններու աշխատակիցները մէկ առ մէկ այցելեցին համայնքի կազմին մէջ ընդգրկուած բնակավայրերու յուշարձաններ, ինչպէս նաեւ Մեծ հայրենականի եւ Արցախեան ազատամարտի վեթերաններուն: Մարզի առանձին համայնքապետարաններու կողմէ եւս մեծարանքի եւ դրամական պարգեւներու արժանացան Մեծ հայրենականի տակաւին ողջ վեթերանները եւ Արցախեան ազատամարտին ու 2016 թուականի Ապրիլեան հերոսամարտի մասնակիցները, զոհուածներու ընտանիքները: Մայիսեան եռատօնը հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ նաեւ մարզի տարածքին տեղակայուած զօրամասերուն մէջ: