Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ հայերու կենցաղն ու մշակոյթը պատկերած հազուագիւտ լուսանկարներ հրապարակուած են IWitness ամերիկեան կրթական հարթակին վրայ: Այս մասին կը գրէ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի կայքը:
Լուսանկարները հրապարակուած են «Project SAVE Armenian Photograph Archives» («Փրկեցէ՛ք հայկական լուսանկարներու արխիւը») նախագիծին շնորհիւ: Ատոր նպատակը ինչպէս արխիւային, այնպէս ալ հայերու ժամանակակից լուսանկարները հաւաքել, փաստագրել, պահպանել եւ հանրութեան ներկայացնելն է: 70 լուսանկարի առաջին հրապարակումը կը լրացնէ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու վկայութիւնները: Այդ լուսանկարները կը պատմեն նախքան Ցեղասպանութիւնը հայերու տնտեսական բարգաւաճման, հալածանքներու եւ բռնութեան ժամանակ անոնց տոկունութեան մասին:
Ռութ Թովմասեան «Project SAVE»-ը հիմնած է 1975 թուականին: Այդ ընդարձակ եւ բազմազան հաւաքածոն աւելի քան 45 հազար լուսանկար կը պարունակէ: Լուսանկարները կը պատկերեն հայրենիքի եւ օտարութեան մէջ ապրող հայերու կեանքի բոլոր կողմերը եւ կ’ընդգրկեն 1860-էն մինչեւ մեր օրերը ինկած ժամանակահատուածը:
Նախագիծի համակարգողները նպատակ ունին աշխարհին ներկայացնել հայերու բազմադարեան մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կը քաջալերեն իրենց լսարանին հաւաքածոյի լուսանկարները օգտագործել ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար: