ՀՀ-Ազրպէյճան սահմանը խախտելու փորձի ժամանակ Մայիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը հայ դիրքապահներուն կողմէ ձերբակալուած է օտարերկրեայ վեց անձ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Այլ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ»,- կը նշէ Յովհաննիսեան:
«Արմէնփրես»-ը յաջողեցաւ ճշդել, որ օտարերկրացիները փորձած են Ազրպէյճանի կողմէ սահմանը ապօրինի անցնիլ ՀՀ տարածք:






