Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԼԶ – Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ Արուեստը Որդին Է Սիրոյ Եւ Տառապանքի

*ՏԱԹԵՒԻԿ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Արուեստի ստեղծագործութիւնները նման են մարդոց:
Անոնք կրնան ըլլալ հաճելի,
նոյնիսկ մեծ թերութիւններու առկայութեամբ:

 Քառլ Պիոռնէ 
(երգիծաբան, քաղաքական գրող)

 

Թանգարաններն ու պատկերասրահները եզակի հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն տեսնելու աշխարհի ամենանշանաւոր գլուխգործոցները, զորս չեն հնանար դարերու ընթացքին: 
Հեղինակաւոր թանգարաններու սրահները շրջելու ժամանակ կարելի է պատկերացում կազմել տարբեր հասարակութիւններու եւ ազգերու արժէքներուն մասին: Այդպիսի արժէքներու պատկերացում կու տայ նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, որ ամենամեծ թանգարան-պատկերասրահն է Երեւանի մէջ: Անիկա ծնունդ առած է 1921 թուականին` Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ որպէս Պետական թանգարանի հինգ բաժիններէն մէկը` արուեստի բաժինը: Այդ ժամանակ թանգարանի տնօրէն կը նշանակուի Մարտիրոս Սարեանը, իսկ գեղարուեստի բաժնի վարիչ` նկարիչ Վրթանէս Ախիկեանը: Պետական թանգարանը կը գտնուէր Աստաֆեան (Աբովեան) փողոցի վրայ, արական hանրակրթական միջնակարգ ուսումնական հաստատութեան համար նախատեսուած երկյարկանի տուֆակերտ շէնքին մէջ (ճարտարապետ Վ. Օ. Սիմոնսոն):

Թանգարանի շէնքին մէջ կը գործէին նաեւ հանրային գրադարանը եւ համերգասրահը: Բացի այդ, այստեղ ապաստան գտած էին Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած որբ երեխաները, եւ այդ էր պատճառը, որ առաջին չորս տարիներուն թանգարանը ցուցադրատարածքներ չուներ: Պատահական չէր 1924-ին Հայաստան այցելած Ա. Լունաչարսքիի դժգոհութիւնը, որ թանգարանը մեծ ու խայտաբղէտ պահեստարանի կը նմանի:

Պահպանուած է 14 Օգոստոս 1921-ի Հայաստանի «Արուեստից թանգարանի» բացման արարողութեան այցելուներուն ցուցակը, որուն համաձայն՝ մասնակցած է 130 մարդ՝ նկարիչներ, դերասաններ եւ երաժիշտներ, պաշտօնեաներ, բանուորներ եւ զինուորներ, աշակերտներ եւ ուսանողներ: Այցելուներու շարքին էին նշանաւոր արուեստագէտներ Կարօ Հալապեանը, Սարգիս Խաչատրեանը, Տարագրոսը, Ռոմանոս Մելիքեանը եւ այլք: Պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուին այնպիսի աշխարհահռչակ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, ինչպիսիք են՝ Թինթորեթթօն, Օկիւսթ Ռոտենը, Փիթեռ Փոլ Ռուպենսը, Կուսթաւ Քուրպեն, Մարք Շակալը, հայ նկարիչներէն՝ Յովհաննէս Այվազովսքին, Մինաս Աւետիսեանը, Մարտիրոս Սարեանը, Յարութիւն Կալենցը, Էդուարդ Իսաբեկեանը: 

Անիկա մեծագոյն պատկերասրահներէն մէկն է ԱՊՀ տարածքին, իսկ հայկական գեղանկարչութեան հաւաքածոյով մեծագոյնն է աշխարհի մէջ։ Կ’անդամակցի Կերպարուեստի թանգարաններու համաշխարային ընկերակցութեան։ 

Մեր պտոյտները Հայաստանի մշակութային գանձարաններուն մէջ տակաւին կը շարունակուին: «Զարթօնք»-ի այս շաբթուան կանգառը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահն է: Մեր զրուցակիցն է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հայկական գեղանկարչութեան բաժնի վարիչ Հայկուշ Սահակեանը:

«Զ.» – Հայկուշ, կ’ըսէ՞ք՝ հիմնադրման ի՛նչ պատմութիւն ունի պատկերասրահը: Ովքե՞ր եղած են պատկերասրահի առաջին աշխատակիցները:

«Հ. Ս.» – Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը ծնունդ առած է 1921 թուականին` Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ որպէս Պետական թանգարանի հինգ բաժիններէն մէկը` արուեստի բաժինը: Այդ ժամանակ թանգարանի տնօրէն կը նշանակուի Մարտիրոս Սարեանը, գեղարուեստի բաժնի վարիչ եղած է նկարիչ Վրթանէս Ախիկեանը: Բնականաբար հայ մշակութային մեծ գործիչներ կանգնած էին պետական թանգարանի ստեղծման ակունքներուն: Նշեմ, որ Պետական թանգարանը կը գտնուէր Աստաֆեան (Աբովեան) փողոցի վրայ, արական hանրակրթական միջնակարգ ուսումնական հաստատութեան համար նախատեսուած երկյարկանի տուֆակերտ շէնքին մէջ: Թանգարանի գեղարուեստական բաժնի կազմաւորումը կապուած է լուրջ բարդութիւններու հետ, քանի որ այդ տարիներուն Երեւանի մէջ ո՛չ պետական, ո՛չ ալ մասնաւոր հաւաքածոներ եղած են, որոնք իրաւամբ կրնային այդ բաժնի հիմքը դառնալ։ Ցուցանմուշներու առաջին խումբը կազմեցին հայ նկարիչներու մի քանի տասնեակ աշխատանքները, զորս գնեց կառավարութիւնը նոյն տարուան Օգոստոսին Երեւանի մէջ կազմակերպուած կերպարուեստի ցուցահանդէսէն:

Բաժնի կայացման գործին մէջ վճռորոշ էին Հայաստանի Մշակոյթի տան (նախկին Լազարեան ճեմարան, Մոսկուա) հարուստ հաւաքածոյի փոխանցումը եւ հայ արուեստագէտներու նուիրատուութիւնները վերջինիս։ Արդէն 1925 թուականին արուեստի բաժնի 6 սրահներուն մէջ ցուցադրուած էին հայ, ռուս եւ եւրոպացի վարպետներու 400 ստեղծագործութիւններ։

1925 թուականին Լենինկրատէն կը հրաւիրուի արուեստաբան Ռուբէն Դրամբեանը։ Իր՝ աւելի քան քառորդդարեայ գործունէութեան օրօք կը ձեւաւորուի Պատկերասրահի դէմքը։ 1935 թուականին բաւականաչափ ընդլայնուած բաժինը դարձաւ ինքնուրոյն կերպարուեստի թանգարան, 1947 թուականէն անիկա վերակոչուած է Հայաստանի Պետական պատկերասրահ, 1991 թուականէն կը կրէ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ անունը։ Պատկերասրահի հաւաքածոն, զոր ստեղծուած է շատ ու շատ մարդկանց ջանքերուն, անձնուրաց ծառայութեան, մեր հայրենակիցներու նուիրուածութեան, օտարազգի բարեկամներու ջերմ վերաբերմունքին շնորհիւ, ներկայիս կ’ընդգրկէ շուրջ 26,000 թանգարանային առարկայ, որուն մէկ մասը կը ներկայացուի մշտական ցուցադրութեան 56 սրահներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու տեսքով։ Հաւաքածոյի համալրման գործին մէջ մեծ դեր խաղացած են նուիրատուութիւնները:

«Զ.» – Այսօր քանի՞ սրահ ունի պատկերասրահը: Ի՞նչ բաժիններէ բաղկացած է ցուցադրութիւնը:

«Հ. Ս.» – Թանգարանային ցուցադրութիւնները կը գտնուին երկու հատուածի մէջ, մէկը՝ մշտական ցուցադրութիւնն է, որոնք մեր սրահներուն մէջ ներկայացուած են եւ միւսն ալ ֆոնտի պահոցներն են, ուր կը պահուի մեր մնացած հաւաքածոն: Մշտական ցուցադրութիւնը բաղկացած է ինը յարկերէ, զորս բաժնուած են աշխարհագրական  տեղայնացումով` հայկական, ռուսական, արեւմտա-եւրոպական եւ գեղազարդային- կիրառական բաժինները: 

Հայկական բաժնին մէջ ցուցադրուած են Հայեր, որոնք առանձին աշխատանքներով եւ կամ ամբողջական հաւաքածոներով հարստացուցած են սրահը։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի ցուցադրութեան զգալի մասը կը ներկայացնէ Հայ արուեստը, որ կ’ընդգրկէ հին եւ միջնադարեան արուեստի ուրարտական որմնանկարներու, Գառնիի տաճարին կից բաղնիքի յատակի խճանկարի եւ միջնադարեան որմնանկարներու ու մանրանկարչութեան վաւերագրական բարձարուեստ կրկնօրինակներ, 1719-րդ դարերու եկեղեցական գեղանկարչութիւն, ձեռագիր մատեաններու արծաթէ պահպանակ կազմեր, խաչեր եւ այլն։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ նշանակալից է նաեւ ռուս արուեստի հաւաքածոն։ Այստեղ տեղ գտած են 1617-րդ դարերու սրբապատկերներ եւ 18-րդ դարերու նշանաւոր արուեստագէտներու աշխատանքներ։ Իսկ արեւմտա-եւրոպական  արուեստի սրահներուն մէջ ցուցադրութիւնը կը սկսի հին աշխարհի Եգիպտոսի եւ Յունաստանի մշակոյթէն։ Այստեղ ներկայացուած են 1420-րդ դարերու իտալական, հոլանտական, ֆլամանտական, ֆրանսական դպրոցներու յայտնի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ։ Արեւելքի արուեստը ներկայացուած է իրանական, չինական, ճափոնական գեղազարդային-կիրառական արուեստի բարձրարուեստ նմոյշներով (նախշազարդ ճենապակեայ եւ յախճապակեայ սարք, քարէ, ոսկրէ, մետաղեայ առարկաներ, քանդակազարդ կահոյք), հայ նկարիչ Սարգիս Խաչատրեանի կողմէ կատարուած հնդկական միջնարդարեան որմնանկարներու բարձրարժէք պատճէններով եւ 19-րդ դարու իրանական գեղանկարչական աշխատանքներով։

«Զ.» – Գիտական ի՞նչ հաւաքածոներու վրայ կ’աշխատի պատկերասրահը: Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութիւն ծաւալած էք մինչեւ այսօր: Ի՞նչպէս կը նախագծուին կրթական ծրագիրները:

 

«Հ. Ս.»  – Ընդհանրապէս պատկերասրահի թիւ մէկ գործունէութիւնը մշակութային արժէքներու պահպանումն ու ցուցադրութիւնն է եւ երկրորդը՝ գիտահետազօտական աշխատանքն է: Մեր գիտաշխատողներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ուսումնասիրութեան թեման, մենք կ’ուսումնասիրենք, թեման կը ներկայացնեն թէ՛ առանձին հեղինակներով, թէ՛ ժամանակաշրջաններով եւ անոր արդիւնքով կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, կը ծնին ալպոմներ, որոնք կը պարունակեն որոշ առարկաներու կամ հեղինակի մը ֆոնտերու ձեռքբերումի պատմութիւնը, մշակումը, անոնց բնութագիրը եւ այլն: Բնականաբար այս գործընթացը շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ օղակ մըն է գիտական ուսումնասիրութեան համար: Եթէ ընթերցողը ծանօթ է պատկերասրահի կայքին, մենք այնտեղ շտեմարան հատուածը ունինք, ուր ներկայացուած է մեր հաւաքածոյի ցուցանմուշներուն մէկ մասը ու նաեւ կից կան առանձին հեղինակներու կենսագրական փոքրիկ յօդուածներ:

Ազգային պատկերասրահին մէջ կրթական ծրագիրները կը նախագծուին, կը կազմակերպուին եւ կը գնահատուին՝ հիմնուելով մշտական ցուցադրութեան ու ժամանակաւոր ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած արուեստի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ: Հիմնական նպատակը դասընթացքի մասնակիցներուն կերպարուեստի տեսակներուն, ժանրերուն, նիւթերուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ այլազգի մեծանուն արուեստագէտներու մասին ընդհանուր գիտելիքներ հաղորդելն է: Ստեղծուած են աւելի քան 30 թեմայական կրթական ծրագիրներ: Թեմայական այս կրթական ծրագիրներու ստեղծման գործընթացը շարունակական  բնոյթ ունի Ազգային պատկերասրահին մէջ։ 

 

«Զ.» -Ի՞նչ թեմայական ծրագիրներ եւ միջոցառումներ կը կազմակերպուին պատկերասրահին մէջ: Ի՞նչ  մասնաճիւղեր ունի պատկերասրահը:

«Հ. Ս.» – Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը իր հաւաքածոներու առանձին գործերով կը մասնակցի միջազգային ցուցահանդէսներու, կը կազմակերպէ Հայ արուեստի պատկերահանդէսներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ՝ մեծապէս նպաստելով ազգային կերպարուեստի ճանաչումին, իր դահլիճներուն մէջ կ’ընդունի միջազգային ցուցահանդէսներ։ Իւրաքանչիւր տարի այստեղ կը մեկնարկէ «Ազգային պատկերասրահ» միջազգային երաժշտական փառատօնը։ Պատկերասրահը աշխուժօրէն կը մասնակցի «Թանգարաններու գիշեր» եւ «Եւրոպական ժառանգութիւն» շարժումներուն, որոնց ծիրին մէջ տեղի ունեցող բազմաբովանդակ եւ նպատակային միջոցառումները պատկերասրահ կը բերեն հազարաւոր այցելուներ։ Պատկերասրահին մէջ կը գործեն գիտական բաժիններ, հաշուառման եւ պահպանութեան բաժին, վերականգնման եւ պահածոյացումի արուեստանոց, ցուցահանդէսային, հրատարակչական, յուշաձեռագրային բաժիններ, գրադարան, շարժանկարի դահլիճ, յուշանուէրներու եւ գիրքերու վաճառասրահ, սրճարան, կը գործէ նաեւ պատկերասրահի համացանցի կայքը։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը մասնաճիւղեր ունի Երեւանի (Յ. Կոջոյեանի եւ Ա. Սարգսեանի տուն-թանգարան, Ճոտտոյի (Գ. Գրիգորեան) արուեստանոց-թանգարան), Էջմիածնի (Էջմիածնի պատկերասրահ, Մ. Աբեղեանի թանգարան), Հրազդանի (Հրազդանի պատկերասրահ), Ջերմուկի (Ջերմուկի պատկերարսահ), Սիսիանի (Սիսիանի պատկերասրահ, Զաքար Խաչատրեանի եւ Արտաշէս Յովսէփեանի տուն-թանգարան), Ալավերտի (Ալավերտիի պատկերասրահ), Եղէգնաձորի (Եղէգնաձորի պատկերասրահ), Գաւառի (ակադեմիկոս Հ. Բունիաթեանի անուան Գաւառի պատկերարսահ) Մարտունիի (Մարտունիի պատկերասրահ) եւ Ջաջուռի (Մ. Աւետիսեանի թանգարան) մէջ։

 

«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:

«Հ. Ս.» – Սփիւռքահայ նկարիչներու կապը միշտ սերտ եղած է Հայաստանի հետ եւ հայրենադարձութեան արդիւնքով անոնք հաստատուած են այստեղ ու ստեղծագործած: Պատկերասրահը կը ներկայացնեն նաեւ անոնց հաւաքածոները, ժամանակ առ ժամանակ նաեւ յոբելեանական միջոցառումներ կը կազմակերպուին անոնց աշխատանքներուն վերաբերեալ: Ըստ իս՝ սփիւռք հասկացողութիւնը արդէն ժամանակավրէպ դարձած է`ժողովրդագրական շարժը այնքան աշխուժացած է, որ այսօր սահման չենք կրնար դնել, թէ ո՛վ Հայաստանցի նկարիչ է եւ ո՛վ սփիւռքցի: Մեր մօտ դուրսը ապրած եւ ստեղծագործած արուեստագէտները թէ՛ իրենց արխիւային նիւթերը ունին, թէ՛ որոշ պարագաներու մենք նիւթեր կը հաւաքենք եւ կը թարմացնենք զանոնք: Ընդհանրապէս հայ գեղանկար բաժնին մէջ առանձնացուած է սփիւռքահայ արուեստագէտներու բաժինը: 

Սփիւռքէն նուիրատուութիւններ նոյնպէս կ’ըլլան: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսներու ծիրին մէջ ունեցանք բազմաթիւ նուիրատուութիւններ: Մինչեւ այսօր ալ մեր հեղինակները կը շարունակեն նուիրատուութիւնները:

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը երկրի գեղարուեստական մեծագոյն պատկերասրահն է, որ կը գտնուի Երեւանի Արամի փող., 1 շէնքը:

Հեռ. +374-10-580812 , +374-10-567472

Կայք` www.gallery.am

Ել. փոստ` press@gallery.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին