Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Միջեկեղեցական Երիտասարդական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին միջեկեղեցական երիտասարդական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումին կը մասնակցէին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատասխանատուները։

Հանդիպումին նպատակն էր կազմակերպել 2019 թուականին տեղի ունենալիք երկու երիտասարդական համագումարները թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ թէ Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։ Յայտնենք, որ այս մասին պատասխանատուները նախապէս հանդիպում ունեցած էին Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ լսած իր թելադրութիւնները։

Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ատենապետութիւնը վարեց Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։ Հանդիպումէն առաջ ներկաները այցելեցին Նահատակաց մատուռ, ծաղկեպսակ զետեղեցին ու աղօթեցին եւ ապա հայր սուրբը անոնց երկար բացատրութիւններ տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին