Այս բառերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 4 Մայիս 2018-ին ողջունեց «Թռչնոց Բոյն»-ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ յիշեցնելով անոնց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ «Թռչնոց Բոյն»-ի կատարած որբահաւաքի եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր որբերու դաստիարակութեան հսկայ գործը, այլ նաեւ շարունակուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ «Թռչնոց Բոյն»-ը տունն է մեր ազգի որբացած բոլոր զաւակներուն եւ զանազան պատճառներով ընտանեզուրկ ու անտէր մանուկներուն։ Այս տան մէջ անոնք կը վայելեն խնամքն ու սէրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»,- շեշտեց Հայրապետը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը շուրջ ժամ մը եղաւ փոքրիկներուն հետ ու մօտէն հետեւեցաւ անոնց աշխատանքներուն ու մանկական խաղերուն։ Ան նաեւ այցելեց որբերուն յատուկ շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող ննջարանները եւ իր գնահատանքը յայտնեց տարուող աշխատանքներուն, զորս շուտով իրենց աւարտին պիտի հասնին։
«Թռչնոց Բոյն» կատարած իր հայրական այցելութեան վերջին հանգրուանը եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը՝ ընկերակցութեամբ թանգարանի խնամակալութեան փոխատենապետի Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի։ Վեհափառ Հայրապետը շրջեցաւ թանգարանի զանազան բաժանմունքները, մօտէն տեղեակ դարձաւ անոր աշխատանքներուն, հայ թէ օտար այցելուներու ցուցաբերած լայն հետաքրքրութեան ու դրական տպաւորութեան եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով թանգարանի եզակի բնոյթն ու դերը հայ իրականութեան մէջ։






