Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Դէպի Աւելի Պայծառ Արշալոյսներ… Եկէ՛ք, Փակե՛նք Երէկի Վարագոյրը՝ Միշտ Համերաշխ Ու Միասնական Կամքով…

*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Երէկը անցաւ խայտաբղէտ, եւ իր հետ տարաւ բազում աղմուկ, դեր ու դէմ կարծիք, եւ հնչած գունաւոր լոզունգներ: «Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ» տեղացած հոգեբանական անձրեւն ու կարկուտը քամիին հետ տարին ամէն բարձրացած ժխոր, որ խոտոր ու անյարիր է հիմա նամանաւանդ՝ երբ ժամն է ազգային համերաշխութեան: Այս պահուն, երէկի վախի ու մտահոգութեան վարագոյրի փակումին հետ, Հայաստանի երկնակամարին վրայ հարկ է, որ սկսի նոր լուսաբաց, դիմաւորելու համար յուսատու ՎԱՂԸ-ն՝ աւելի ժպտերես, աւելի ուրախ եւ ներշնչուած յոյսերով, ապագայի համար դարձած իրապէ՛ս լաւատես հայեր, ակնկալելով սրբագրութիւններ՝ որոշ բնագաւառներէ ներս մօտեցող հանգրուանին: 

Երկիրը, ուր կ’ապրի հիմա մեր հայրենաբնակ համբերատար ժողովուրդը, երկի՛րն է ողջ հայութեան աներկբայօրէն, որուն խաղաղութիւնը, ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը գերխնդիրն է բոլոր հայերուն անխտիր, ըլլանք Հայաստանահա՛յ, Արցախահա՛յ կամ Սփիւռքահա՛յ…: Անոր գոյութեան սպառնացող որեւէ դոյզն վտանգ, վտա՛նգ է տասը միլիոն հայութեան: Ուստի, իւրաքանչիւր գիտակից հայ, երբ տեսնէ, թէ բոլորիս ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿ-ը կը դիմագրաւէ վտանգ, պահ մը ան պարտաւո՛ր է իր հագած կուսակցական, գաղափարական ու պատկանելիութեան շապիկը շպրտելու մէկդի, ու հագուելու՝ լոկ «Հայկական Շապիկ», մոռնալով ամէն կողմնակի շահ ու հաշիւ..:
Հայրենիքը այն միակ տաք ու սուրբ օթեւանն է, որ կը մէկտեղէ բոլորս անխտիր իր ծոցին մէջ, ուր պիտի ապրինք բոլորս միասին, կողք կողքի, եւ վայելենք նոյն երդիկին բարիքն ու անդորրը, միշտ յարգալիր ու սիրալիր, միշտ ազնիւ հարեւանութեամբ իրարու հետ, մոռնալով երէկուայ քամիին պատճառած ցուրտ հարուածը, դառնալով մէկ ամբողջական հայկական միաւոր: Անկարելի բան է, որ առաջինը մերժէ երկրորդը, կամ ցուցաբերէ այլամերժութիւն ու դառնայ վրէժխնդիր՝ իր նմանին հանդէպ: Ա՛յս է պահանջուած հանդուրժողականութիւնը այսօր, որպէսզի մեզմէ յաւէտ հեռանայ ամէն տեսակ ատելութիւն ու քինախնդրութիւն: Սա, ինքնանպատակ նկրտում չէ՛, սոսկական խօսք չէ՛, քաղաքական մարզանք չէ՛, այլ ապագան յստակ ու մաքուր տեսնելու անհրաժեշտ հրամայական, միշտ ի մտի ունենալով հարեւան երկիրներու հայակուլ ախորժակները:
Կեանքի մէջ, գիտենք, թէ իւրաքանչիւր անհատ ունի սկզբունք, տեսակէտ, կարծիք, եւ ուրեմն՝ համապասխան դիրքորոշում , համակրանք, նաեւ՝ նախասիրութիւն: Մինչեւ հոս շատ բնական, պարզ ու հասկնալի տրամադրութիւն. առաւել՝ յարգելի վիճակ բոլորիս համար: Բայց, չէ՞ որ կեանքի մէջ կայ նաեւ պայմանաւորուած համակեցութիւն ու պարտադրուած խոհականութիւն հանդէպ իւրաքանչիւրի ունեցած գաղափարներուն եւ մտածումներուն, նաեւ դրսեւորումներուն: Այս մէկը կ’իյնայ ժողովրդավարութիւն քարոզելու ու գործադրելու ճիգի սահմաններուն առանցքներուն մէջ, ընդունելի տարազի մը անհրաժեշտ արժեչափով՝ այսօր, վաղը, ցվերջ: 

Անկարելի բան է, որ ամէն մարդ ապրի եւ մտածէ նոյն ձեւով, հաւատալով ու ծառայելով մէկ նպատակի կամ նոյն գաղափարի, երբ հարցը կը վերաբերի գնահատելու ՍԵՒՆ ու ՃԵՐՄԱԿ-ը, երբ կը գտնուինք բազմակուսակցութիւն պարունակին մէջ: Սա արդէն թուլութիւն, միօրինականութիւն ու հիւանդութիւն է, տեսակ մը ախտաբանութիւն. կարելի է բարձրաձայն ըսել՝ մերժելի եւ հակաժողովրդավարական երեւոյթ, կամ իրականութիւնը չտեսնելու բացարձակ հաւկուրութիւն, ներկայ դարու ռամկավարութիւն բուրող պայմաններուն մէջ, առանց նուազագոյն կասկածը ունենալու, թէ հարկաւոր է նաեւ մրցակցութիւն, որու արդիւնքով միշտ ալ մեզի համար են արձանագրուած յաղթանակներն ու պարտութիւնները…: 
Ներկայ արագավազ դարուն, բոլորս ալ գիտենք, թէ գրեթէ ամէն ինչ փոփոխական է եւ ժամանակաւոր: Ուստի, քաղաքական վարդապետութիւններն անգամ պայմաններու համեմատ ենթակայ են փոփոխութեանց, պատշաճուելու՝ երբեմն պահանջուած կարգ ու կանոնի, ուր երկիրներ, պետութիւններ, կայսրութիւններ եւ գաղափարական ի՜նչ ի՜նչ հոսանքներ երբեմն փուլ կու գան մարդկային նոր զարթօնքի եւ արդիականացած գիտական եւ մշակութային ոստումներով զինուած գունաւոր յեղաշրջումներու արդիւնքներով: Արդարեւ, սա կու գայ փաստելու, որ յարափոփոխ վիճակներու տակ մարդիկ կամայ թէ ակամայ կ’ենթարկուին առաջադրուած պայմաններուն, երբեմն նոյնիսկ հակառակ իրենց կամքին, հրաժարելով դիրքէ, պաշտօնէ կամ աթոռէ: Բայց երբ կայ ընդհանուր գերագոյն շա՛հ, որ պայմանաւորուած է բացառապէս Հայրենիքի հետ, հոն կը վերջանայ ամէն հաշիւ ու գործառք, ամէն երկրորդական ցանկութիւն: Սա, արդէն ընդունուած ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ Է իւրաքանչիւր հայու համար, ինչ գաղափարի ալ պատկանած ըլլայ ան..:
Հայաստան աշխարհը 1965 եւ 1988 թուականներուն տեղի ունեցած Ազգային Զարթօնքի եւ Վերապրումի, ինչպէս նաեւ Ազատ ու Անկախ խորհելու եւ Գերիշխան պայմաններու մէջ ապրելու կարգախօսներէն ետք, վերջերս յեղափոխական շունչով ունեցաւ նոր եւ եզակի «Երկրաշարժ» մը, աւելի ճիշդ՝ Հոգեշարժ մը, որուն հեղինակներն ու ստեղծիչները եղան ընդհանրապէս երիտասարդները, գլխաւորութեամբ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի, որոնք Հայաստանէ ներս իշխող վերնախաւը տեսնելով ու բնութագրելով այլեւս հինցած, եւ հնութեան հետ քննադատելով ընդհանրացած յոռի բարքեր, (միշտ հաւատալով նորարութեան եւ ունենալով նոր շունչ, նոր կամք, նոր տեսիլք ու նոր պատկերացում դէպի ապագայ) եկան բանալու նոր ճանապարհ՝ Հայաստանին ու հայաստանաբնակ մեր քոյր ու եղբայրներուն, խոստանալով անոնց արժանապատիւ կեանք, որուն ձայնակցեցան բազմահազարներ եւ որուն առարկող ու դիմադրող չկայ ու պիտի չըլլայ ալ:

Պիտի ըսենք՝ «Բարի ճանապարհ…» այս դժուարին երթի համար, միշտ համոզուելով, որ այս ուղին պէտք է ընթանայ համազգային հովանոցի ներքեւ, որուն յաջողութեան համար կարելի չէ, եւ ճիշդ ալ չէ պատուարներ կանգնեցնել յառաջացող անիւին առջեւ, այլ ընդհակառակը, մեզի կը մնայ դիտել, քաջալերել, շնորհաւորել եւ առիթ տալ անոնց, որպէսզի դրսեւորեն իրենք-զիրենք, յեղափոխական աճապարանքի մէջ սակայն առանց վտանգելու պետական կառոյց ու հայրենիք… միշտ նկատի առած մեր երկրին ապահովութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, զգուշանալով ծայրայեղ քայլերէ: Պահ մը թերեւս շատերու համար այս փոխանցումը թուի ծանր… թուի դժուար… նամանաւանդ նախկին իշխանաւորներուն համար, բայց անոնք ու մենք պիտի գիտակցինք, որ պատահածը կատարուած իրողութիւն է արդէն, եւ սա պիտի ընդունինք ազգովին եւ արժեւորենք՝ սպասելով արդիւնքներու, համբերութեան ճանապարհին եթէ հարկ է խածնելով մեր շրթունքները, մերթ թելադրելով անհրաժեշտն ու հարկաւորը եւ մերթ ալ մատնանշելով թերիները, որպէսզի հաւաքաբար դիմաւորենք աւելի պայծառ արշալոյսներ, միշտ համերաշխ ու միասնական կամքով ու յաղթական տրամադրութեամբ, երբ չկայ յաղթող ու չկայ պարտուող ազգային-քաղաքական զառիվերին, նամանաւանդ ՄԱՅԻՍԵԱՆ այս օրերուն:

Հայերուս համար, համոզուելու ենք, որ գոյատեւելու միակ ճանապարհը ազգային ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին