Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Անվերնագիր

Լաւ է այս օրերուն նորէն կարդանք Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերգութիւնը, մեզի գրած է մեր աշխատակիցը իր կողմէ պատրաստուած համառօտը ղրկելով մեզի:

Որքա՜ն ճիշդ կը նշէ Շանթը՝ իր հերոսի բերանով, որ կ’ըսէ. «Կործանեցիք հինըեկաւ նորը: Ասոր վերջ չկայմինչեւ որ…»: Մնացածը պիտի չշարունակենք գրել: Դուք վարը կը կարդաք: Մեր կողմէն միայն աւելցնենք՝ մինչեւ այն ատեն որ հայութիւնը իր փրկութիւնը կուռքերու մէջ կը տեսնէ, ՉԿԱՅ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ:

Նոյնպէս լաւ է այս օրերուն նորէն կարդանք Ճորճ Օրուելի «Կենդանիներու ագարակը» (The Animal Farm): Ամէն ինչ այնտեղ շատ յստակ ըսուած է:

Նաեւ որքա՜ն ճիշդ է Յովհաննէս Թուամնեանը, երբ կ’ըսէ.- «Ներսից ենք փչացած»: Փոփոխակի մարդիկ՝ իրենց ծայր աստիճան հակասական ու փոփոխական մտքերով, քաղաքական մեծ տատանումներու մէջ յայտնուածներ, պահուն ազդեցութեան տակ դիմաշրջուիլ, նոր իրավիճակներու լոյսին տակ, նոյնիսկ իրենց էութեան եւ համոզումին հակառակ մեծաշռինթ յայտարարութիւններ ընել եւ այլն

Ի՞նչ է լուծումը: Խորհրդածել պէտք էու գործել

«Խմբ

 

«Շատ քիչ հայեր միայն յստակօրէն կ’ըմբռնեն, թէ իրենց ունեցած շնորհքն ու կարողութիւնը ազգային դրամագլուխ մըն է, որ դարերը բերեր ու յանձներ են իրենց, եւ այս մեծ մղում մըն է դէպի նոր ճիգեր ու աւելի բարձր ստեղծագործութիւններ»:

*Լեւոն Շանթ*

Բանաստեղծ եւ անզուգական թատերագիր Լեւոն Շանթը այժմէական է նաեւ այսօր: Նրա արձակի եւ թատերախաղի իմաստասիրական պատգամները կարեւոր նշանակութիւն ունեն հայ մարդու համար, որոնց ընդմիջից գծուում է ազգի վճռակամութեան եւ յաւերժականութեան ուղին: Շանթագիտութիւնը դեռ ճամբայ ունի անցնելիք՝ բնորոշելու եւ ներկայացնելու նրա աշխարհընկալումն ու գաղափարական – փիլիսոփայական հայեացքները: Շանթը մանկավարժ էր եւ հոգեբան: Նրա երկերի հերոսների ու բոլոր տիպարների հոգեբանական վերլուծմամբ կարելի է մեկնաբանել Շանթի աշխարհայեացքն ու ազգի կնճռոտ հարցերի լուծման համար նրա յղած պատգամները:

Այդ աշխատանքին ձեռնամուխ են եղել Սփիւռքի եւ հայրենիքի մասնագէտներ՝ գրականագէտներ, արուեստաբաններ ու թատերական գործիչներ: Ստորեւ բերուածը միայն մի փորձ է՝ ներկայացնելու ազատագրութեան եւ անկախութեան գաղափարի մասին Լեւոն Շանթի ընկալումները, որ ի մի եմ բերել նրա «Շղթայուածը» թատերգութիւնից ընտրուած հատուածներով:

Նորից յիշենք Շանթի խօսքերն ու յորդորը, պատգամն ու կտակը՝ յանուն հայրենիքի ու հայ ժողովրդի ամբողջական ազատագրութեան ու յարատեւութեան:

ԱՐՄԷՆ

***

«Զոմն Արտաւազդ անուն արգելեալ իցէ Դիւաց, որ ցայժմ կենդանի կայ, եւ նա ելանելոց է եւ ունելոց զաշխարհս»:

ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ

«… Եթէ կ’ուզէք, որ փրթին ձեր բոլոր շղթաները, եթէ կ’ուզէք, որ փրթին ձեր բոլորի շղթաները, ընկճեցէ՛ք այն բռնակալը, որ կը տիրէ ձեզմէ ամեն մէկուն կրծքին տակ, մեռցուցէ՛ք ձեր մէջի՛ բռնակալը»:

«Շղթայուածը» թատերգութիւնից

Լեւոն Շանթի
«ՇՂԹԱՅՈՒԱԾԸ»

Թատերգութիւնից  Հատուածներ
(Դրուագ Անի քաղաքի պատմութիւնից)
ՊԱՀԼԱՒՈՒՆԻ ՎԱՀԱՆ ԻՇԽԱՆԸ

  • Ես մարդ մըն եմ, որ կը սիրեմ իշխելը: Իսկ ով կ’ուզէ որ խոնարհին իր առջեւը, պէտք է խոնարհիլ գիտնայ իրմէ ուժեղին առջեւը:
  • Չէ՞ որ Անին, իսկն ըսած, իմ քաղաքս է, ի՛մ:

ՍԱՂԱԹԷԼ.  (արծաթի տէր հարուստ հայ)

  • Եւ կ’ըսէ, որ Անին ի՛րն է: Յիմա՜ր: Անին ի՛մս է, ի՛մս: Ես եմ Անիի միակ տէրը: Ի՞նչ էք դուք բոլորդ առանց ինծի:

ԴԱՐԲԻԲԸ,  Աւագը, որ դանակներ է կռում  (դիմում է Դանիէլին).

  • Ա՛ռ, վերցո՛ւր… հագցուցէք կոթը, սրեցէ՛ք, սրեցէ՛ք բերանը ու տարէք ծախէք թուրքին, զօրքին, աւազակին եւ ձեր ոսկին դիզեցէք: Մինչեւ որ օր մըն ալ անոնք գան, ձեզմէ գնած դանակները, այդ իմ կռած սուր-սուր դանակները կոխեն ձեր կողը, կոխեն ձեր փորը, խլեն ու տանին ձեր բոլոր դիզածը:

Տասնհինգ ամեայ հայուհի Հարճը հրդեհում է թուրք Էմիրի պալատը: Թուրքերը պարտուում են, հայերը գրաւում են Անին: Էմիրը փախչում է:

ՊԱՇՏՕՆԵԱՆ  զեկուցում է Իշխանին.

  • … Աղմուկ, իրարանցում, ճառեր…

Արտաքին թշնամու լուծից ազատուելուց յետոյ, ծայր են առնում ներքին խնդիրներ: Որոշ իշխանաւորների կողմից կան փոքր զիջումներ անելու առաջարկներ:

ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ  դիմում է ԻՇԽԱՆԻՆ.

  • Ինչո՞ւ կ’ուզես, որ ամէնքը քու ունքերուն նային… Ինչո՞ւ կապել կ’ուզես ամէնուն հոգին… Քաջ ես, գիտեմ: Բայց ըսէ՛, խնդրեմ, ի՞նչ մեծ քաջութիւն է նստիլ քեզմէ թոյլերու գլխուն:

ԻՇԽԱՆԸ  կռուի հրաման է տալիս ՄԱՐԶՊԵՏԻՆ:
ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ.-  Մի՛ ըներ. Իշխա՛ն. Մի՛ ըներ:

ԹԶՈՒԿՆԵՐԸ
«Երթա՛նք, տա՛նք,
երկաթ տանք,
մարդուն,
որ ան արթուն
տի՜նկ-տա՜նկ, տի՜նկ-տա՜նկ,
դարբնէ ծանր իր կուռ շղթան,
օղակ-օղակ նման օձին,
յոգնած թեւին, պարանոցին
ե՛ւ իր համար, ե՛ւ ընկերին,
դառնան բոլոր իրար գերին,
իրար նզովքն ու ատելին.
տի՜նկ-տա՜նկ, տի՜նկ-տանկ»:

Խռովութիւնների, դաւադրութիւնների ու փառամոլութիւնների հետեւանքով սպաննուում ու վերանում են թուրքերի դէմ պայքար մղած գլխաւոր դէմքերից շատեր:

Հարճը հանդիպում է իր սիրածին (Նաղաշ Նաթանին):

ՀԱՐՃԸ.

  • Ո՞ւր է քու Արտաւազդը, որ դուրս պիտի գայ աշխարհքը քանդելու:

ՆԱՂԱՇԸ.

  • Հարցրո՛ւ քու հոգիիդ, քուրիկ: … Արտաւազդը, քուրի՛կ, քանդելու համար չէ, որ պիտի գայ, այլ կառուցելու: Հասած հոգին, հասուն դժգոհութիւնը նորել կը տենչայ, շինել, ստեղծել:

ՀԱՐՃԸ.

  • Ի՞նչ: Սո՛ւտ է:

***

ՆԱՂԱՇԸ  դիմում է իր շուրջ հաւաքուածներին.

  • Ի զո՜ւր: Տապալեցիք հին բռնակալը, եկաւ նորը. կը տապալէք նորը, կու գայ յաջորդը: Ատոր վերջ չկայ: Գիտցէ՛ք, ոչինչ չէք շահելու դուք, մինչեւ որ չխորտակէք այդ ամէնքը ծնող, այդ ամէնքը սնող մա՜յր բռնակալը, բո՛ւնը, իսկակա՛նը:

ՁԱՅՆԵՐ

  • Ո՞վ է: Ո՞վ է: Ըսէ՛: Ցո՛յց տուր:

ՆԱՂԱՇԸ

  • … Եթէ կ’ուզէք, որ փրթին ձեր բոլոր շղթաները, եթէ կ’ուզէք, որ փրթին ձեր բոլորի շղթաները, ընկճեցէ՛ք այն բռնակալը, որ կը տիրէ ձեզմէ ամէն մէկուն կրծքին տակ, մեռցուցէք ձեր մէջի՛ բռնակալը: … Բայց ես կ’ըսեմ ձեզի. Հո՛ն է, հո՛ն, ձեր հոգիներու թաւ խաւարին մէջ թափառող այն հզօր, այն անզուսպ բռնակալը, որ կ’ուզէ իշխէ ամէնուն վրայ, … կուզէ որ բոլորը երկրպագեն իրեն… Ո՞ւր է, ո՞ւր է իմ Արտաւազդը: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ամուր կը պահէք կալանքներու տակ, ձեր կրծքերու տակ:

***

ԹԶՈՒԿՆԵՐԸ
«Փա՜ռք մեր տիրոջ, Կեանքի դեւին,
փա՜ռք արարիչ իր կուռ թեւին,
տիրելու տենչն հնարողին,
յաղթանակը նուիրողին,
հեռ ու նախանձ յօրինողին,
փա՜ռք մեր տիրոջ, Կեանքի դեւին,
փա՜ռք արարիչ իր կուռ թեւին…» 

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝  ԿԵԱՆՔԻ  ԴԵՒԻ  ՈՒ  ԱՐՏԱՒԱԶԴԻ  ՄԻՋԵՒ

ԿԵԱՆՔԻ ԴԵՒԸ.

  • … Ուզէ՛ ինծմէ եւ կ’ունենաս: … Թափեմ քու գիրկդ բոլոր դիզուած, յափշտակուած գանձերը: … Եւ փառք, պատիւ, հռչակ…: Կեանքի դեւն է, որ կը խօսի քեզի. կեանքի դեւն է, որ կը խոստանայ…

ԱՐՏԱՒԱԶԴԻ ՁԱՅՆԸ.

  • Ես ընկճել կ’ուզեմ քեզի, գիտե՛ս, միա՛յն քեզի:

ԿԵԱՆՔԻ ԴԵՒԸ.

  • Ի՞նչ իմաստ, անմի՛տ… եւ ինչո՞ւ…

ՁԱՅՆԸ.

  • Այս շղթաները փշրելու համար պիտի գան նո՛ր ձեռքեր: Քու ձեռքերդ կարող չեն: Ու կու գայ այդ օրը:

ԿԵԱՆՔԻ ԴԵՒԸ.

  • … Ի զուր ես դրեր քու յոյսդ մարդուն վրայ: … Ո՛չ, այդ օրը պիտի չգայ: Դուն կը մնաս հո՜ս, յաւիտեան դուն կը մնաս հոս. քեզի ելք չկայ:

***

Նաղաշին ձերբակալելուց յետոյ  ՀԱՐՃԸ  դիմում է Պահլաւունի Վահան իշխանին.

  • Եւ ինչո՞ւ ես բռներ. ան ի՞նչ է ըրեր: Քանդողը, այրողը եւ սպաննողը մե՛նք ենք, մե՛նք, ես ու դուն:

ԻՇԽԱՆԸ

  • … Թող ուրանա՛յ իր յիմար Արտաւազդը եւ ես կը խոստանամ կ’ապրի ի՛նքը, կ’ապրիս դուն:

ՀԱՐՃԸ

  • … Դուն իրաւունք չունիս մարելու այդ ձայնը, դուն իրաւունք չունիս խեղդելու, մեռցնելու հոգիի ամէն շարժում, ամէն ձգտում, եւ չե՛ս կրնար. անոր խօսքը մեր բոլորի հոգիներէն է, եւ քո՛ւ, եւ քու հոգիէդ. չէ՞ որ դուն ալ մարդ ես: Հանե՛լ տուր իր շղթաները…

ՆԱՂԱՇԸ  չի ընդունում Պահլաւունի իշխանի առաջարկը եւ ասում է.

  • Կանչէ՛ ծառաներիդ: Բերե՛ն շղթաներս:

ԻՇԽԱՆԸ  (կատաղած)

  • Ո՛չ, այս անգամ հարցը շղթայով չի վերջանար: Ես տէրն եմ այս քաղաքին: Եթէ ընդդիմանաս, ոչ թէ շղթայ, մա՛հ կը սպասէ քեզի…

***

Պահլաւունի պալատի առջեւի հրապարակում այրում են երկու մահապարտների՝ Նաղաշին ու Հարճին:

ԱՅՐԵԼՈՒՑ ԱՌԱՋ.-

ՁԱՅՆԵՐ  (բազմութեան միջից).

  • Դէպի խարո՜յկ, դէպի խարո՜յկ… Կորչի՜… կորչի՜…
  • Խաբեբայ… կեղծաւոր… խարդախ սրիկայ…
  • Բոցերու մէջէն… Հա՜, հա՜, հա՜, հա՜, բոցերու մէջէն…

ՀԱՐՃԸ

  • Հա՛, քուրի՛կ, բոցերու մէջէն, մի՛շտ: Մայրի՛կ, ե՛ս ալ քեզի պէս բոցերու մէջէն…

 

***

ԹԶՈՒԿՆԵՐԸ
«Հա՜, հա՜, հա՜, հա՜,
Զարկէ՛ք մուրճն ու կռանը
մեծ բնազդին դրանը,
մարդը մարդուն ճիրանը,
մարդը մարդուն բերանը,
հա՜, հա՜, հա՜, հա՜…»

«Մենք բոլորըս, բոլորըս,
կանչըւած ենք կռելու,
Արտաւազդի շղթաները
կռանելու, նորելու»:

«Մենք բոլորըս, բոլորըս,
դարբնի զարկին մզուկներ,
մենք բոլորըս, բոլորըս,
կեանքի դեւին թզուկներ»:

ԿԵԱՆՔԻ ԴԵՒԸ

  • Ես եմ տէրը, ես եմ միակ տէրը կեանքին, անասունին եւ ասունին: Օդի ոլորտներուն մէջ, ծովուն յատակը, գէճ հողին վրայ, խոր գետնին տակը. ամէն, ամէն տեղ ուր որ կեանքը կը թռչի, ուր որ կեանքը կը լողայ, ուր որ կեանքը կը քալէ, ուր որ կեանքը կը սողայ, ուր որ մարդը կը վազէ, ուր որ մարդը կը հեւայ…: Ես եմ տէրը: Ես եմ միակ տէրը կեանքին:

ՔԱՐ ԼՌՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին