Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Երեւանի Պետական Համալսարան – Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Դասընթացքներու Շարքը Իր Աւարտին Հասաւ Կարեւոր Է Լիբանանահայ Աշակերտներու Եւ Հայրենիքի Երիտասարդ Մասնագէտներու Շփումը

*ՄԻԼԵՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ*
ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի
2-րդ դասընթացքի ուսանողուհի

ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի երկրորդ տարուան չորս ուսանողները նախորդ շաբթուան ընթացքին դասաւանդեցին Լիբանանի հայկական դպրոցներուն մէջ: Դասընթացքները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին էին:

Ցեղասպանագէտները դասաւանդեցին Լիբանանի Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի, Հայ  Աւետարանական գոլէճի եւ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ: Անոնք դասընթացքները վարեցին այս վարժարաններու 7-րդ, 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններուն մէջ: Երիտասարդները առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կու գային դասաւանդելու փորձով:

Մանկավարժական փորձառութիւն ձեռքբերելէ զատ, անշո՛ւշտ, կարեւոր է նաեւ Սփիւռք ապրող պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ շփումը: Տարիքային աննշան տարբերութիւն ունեցող երիտասարդներու հանդիպումները շատ խորհրդանշական էին. կը հանդիպէին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ապագան կերտողները, Հայրենիքն ու Սփիւռքը կամրջողները:

Ծրագիրի աւարտին զրուցեցինք Երեւանէն ժամանած ուսանողներուն հետ՝ ճշդելու համար Լիբանանի դպրոցներէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները, մասնրամասնութիւններ դասընթացքներու ընթացքէն եւ աշակերտներու արձագանգը՝ մատուցուող նիւթին վերաբերեալ:

Նելլի Աբրահամեանը  կը պատմէ, որ մինչ դասարան մտնելը որոշ չափով անհանգիստ էր, քանի որ դպրոցականներու հետ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ունենար աշխատելու փորձառութիւն: Անհանգստութիւնը կը բազմապատկէր դասի բարդ  թեման՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Սակայն մանկավարժական որոշ մօտեցումներու կիրարկումը բաւականին դիւրացուց եւ օգնեց Նելլիին դասագործընթացի ճիշդ կազմակերպման համար: Ըստ իրեն՝ աշակերտները շատ հետաքրքրուած էին: Բացի անկէ, որ հետաքրքրութեամբ կը լսէին փոխանցուող տեղեկութիւնները, լրացուցիչ հարցեր կու տային անոնք միաժամանակ: Նելլին նկատած էր նաեւ,  որ աշակերտներուն հիմնականօրէն կը հետաքրքրէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւ Թուրքիոյ կողմէ ժխտման պատճառները:

Ուսանողը ամենակարեւորը, որ նկատած է, դպրոցներուն մէջ եւ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն մօտ հայեցի դաստիարակութիւնն էր, ազգի համար որեւէ կարեւոր բան ընելու ձգտումը: Մի քանի  բառով ամփոփելով դասընթացքները՝ Նելլին կ’ըսէ, որ  անոնց շնորհիւ ան ձեռքբերաւ մասնագիտական նշանակալի փորձ եւ Լիբանանի հայ համայնքին հետ շփուելու, կապեր հաստատելու հնարաւորութիւն:

Աշակերտներուն հանդիպելէ առաջ Էմմա Չօպանեանը նոյնպէս յուզուած էր, մինչեւ առաջին անգամ դասարան ոտք դնելու ժամանակ: Այդտեղ իրեն կը սպասէին բարեացակամ աշակերտները, որոնք, ինչպէս կը նշէ Էմման, գիտէին թէ՛ երիտթուրքերու եւ թէ՛ Ապտուլ Համիտի ջարդերուն մասին: Դասերուն ընթացքին  կը քննարկուէին Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման պատճառները, երիտթուրքերու գործած ոճրագործութիւններու դրդապատճառները, փուլերը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտման գործընթացը: Աշակերտները հետաքրքրուած էին դասընթացքի այս ենթաբաժիններէն իւրաքանչիւրով: Էմման կը պատմէ, որ աւարտական, բարձր դասարաններու ուսանողները մինչեւ անգամ իրենց սեփական կարծիքները կ’առաջարկէին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հասնելու համար:

Շփուելով Լիբանան ապրող իր կրտսեր հայրենակիցներուն հետ՝ Էմման տեսաւ, թէ հայրենասիրութեան ի՛նչ բարձր մակարդակ կար անոնց մէջ: Հայրենասիրական երգերը, բանաստեղծութիւնները աւելի կ’ամրապնդեն ազգային ոգին եւ գաղափարախօսութիւնը: Ան կը կարեւորէր նաեւ Լիբանան ապրող եւ ուսանող աշակերտներուն այս կամ այն հարցին շուրջ պատկերացումներուն եւ մտածողութեան հետ ծանօթանալը: Դպրոցներ կատարած բոլոր այցերը Էմման կը բնորոշէ որպէս անմոռանալի հանդիպումներ, քանի որ անոնք յագեցած էին հարուստ տպաւորութիւններով եւ բովանդակութեամբ:

Իսկ Աստղիկ Ստեփանեանի համար Լիբանանի մէջ դասաւանդելը թէ՛ մեծ փորձառութիւն էր, թէ՛ բացայայտումներ ընելու նոր հնարաւորութիւն: Ան կը պատմէ, որ դասաւանդելու պահուն զգաց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ունենալ գիտելիք եւ կարողանալ այդ գիտելիքը աշակերտներուն փոխանցել: Փոխանցել այնպէս, որ դժուար ընկալելի չըլլան անոնք եւ միեւնոյն ժամանակ ըլլան խորքային, մնայուն գիտելիքներ։

Որպէս մասնագէտ՝ Աստղիկը կը նշէ, որ թէեւ աշակերտները  ընդհանուր առմամբ տեղեակ էին Հայոց Ցեղասպանութեան (անշո՛ւշտ, տարիքային տարբեր դասարաններու մէջ  այդ մակարդակը տարբեր էր), այնուամենայնիւ խնդիրին շատ զգացական կը մօտենային։

Ան կ’ըսէ նաեւ, որ մինչ այցելութիւնը բազմիցս լսած էր Լիբանանի ամուր եւ կայուն հայկական համայնքին մասին։ Սակայն այս ուղեւորութիւնը լաւագոյն հնարաւորութիւնն էր սեփական աչքերով տեսնելու եւ շփուելու լիբանանահայ համայնքին եւ մասնաւորաբար ծանօթանալու հայկական դպրոցներու, հայ աշակերտներու եւ հայ ուսուցիչներու հետ։

Կարեւոր է, որ հայկական դպրոցները լեզուի պահպանման տեսանկիւնէն ալ էական դեր կը կատարեն: Աստղիկը կը պատմէ, որ երբ կը քալէր դպրոցին մէջ, կ’ոգեւորուէր, երբ կը լսէր, որ բոլորը հայերէն կը խօսին՝ պարզ, հարթ, մաքուր, առանց դժուարանալու: Չէին մոռնար նաեւ կրօնական ու ազգային դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին։

Միակ տղայ ուսանողը, որ ժամանած էր Պէյրութ, Արման Յարունիւնեանն էր: Ան ուսուցիչի դերով հանդէս գալու համար միաժամանակ ուրախ էր եւ յուզուած, քանի որ կը գիտակցէր, որ պատասխանատու քայլ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդելը եւ յատկապէս՝ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգներուն:

Դասասենեակին մէջ աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ եւ ժպիտներով կը դիմաւորէին Արմանը՝ իրենց դրական տրամադրուածութիւնը փոխանցելով երիտասարդ ցեղասպանագէտին: Դասաւանդումը կ’ընթանար հարց ու պատասխանի ձեւով: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով՝ Արմանը կ’ըսէ, որ  որոշ չափով կարողացաւ համալրել աշակերտներու գիտելիքները եւ բարձրացնել անոնց գիտելիքներու մակարդակը այս թեմային շուրջ: Ինչպէս աշակերտներուն համար հետաքրքրական էր լսել դասաւանդողին, այնպէս ալ Արմանին կը հետաքրքրէր, թէ ի՛նչ կը մտածեն անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ միջազգային ճանաչման մասին:

Նշենք նաեւ, որ այս չորս երիտասարդները մի քանի ամիսէն պիտի աւարտեն ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմարկի «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի մէջ իրենց ուսումնառութիւնը: Անոնք չեն բացառեր, որ հետագային դպրոցներու մէջ դասաւանդելը կրնայ իրենց մասնագիտական եւ աշխատանքային գործունէութեան մէկ մասը դառնալ: Սակայն լիբանանեան վարժարաններուն մէջ այս դասաւանդումը անմոռանալի կ’ըլլայ իւրաքանչիւրին համար ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ որպէս դպրոցի մէջ դասաւանդելու առաջին փորձ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին