Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի Տեսուչ Արժ. Տէր Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան Այցելեց Լիբանան Եւ Սուրիա

Ապրիլ 26-30 ժամանակահատուածին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ Արժանապատիւ Տէր Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան այցելեց Լիբանան եւ Սուրիա: Իր կարճ կեցութեան ընթացքին Հոգեշնորհ Հայրը առիթ ունեցաւ ծանօթանալու հայկական կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան: Իր հանդիպումներուն ընթացքին Հոգեշնորհ Հայրը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը լիբանանահայ եւ սուրիահայ կրթական հաստատութիւններու տնօրէնութեանց, կրթական մարզի ծառայողներուն եւ աշակերտութեան:
Հոգեշնորհ Հայրը զրուցեց խրատական նիւթերու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի առաքելութեան շուրջ: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն, կրթական նուաճումներուն՝ լուսարձակի տակ առնելով Ճեմարանի դաստիարակչական ու կրթական կառուցամասերը, որմէ ետք տեղեկութիւններ փոխանցեց անոր շնորհած Պսակաւոր Արուեստի (BA), Պսակաւոր Գիտութեանց (Master’s Degree) եւ Դոկտորական (Ph.D.) աստիճաններուն մասին: Հոգեշնորհ Հայրը ընդգծեց, որ Հոգեւոր Ճեմարանը բաց է աստուածաբանական գիտութեան եւ հոգեւոր դաստիարակութեան ծարաւ բոլոր երիտասարդներուն առջեւ: Ան յայտնեց, որ Պսակաւոր Գիտութեանց աստիճանը հիմնական չորս ուղղութիւններու մէջ կը խորացնէ Ճեմարանականներու կրթութիւնը՝ աստուածաշնչագիտութիւն, դաւանաբանութիւն, պատմական աստուածաբանութիւն եւ գործնական աստուածաբանութիւն: Այս չորս ոլորտներուն մէջ անհատը կրնայ զօրացնել իր հոգեմտաւոր եւ Աստուածաշնչական գիտելիքները:
Հոգեւոր Ճեմարանի ուսանողները միաժամանակ կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն, Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, իսկ վկայուելէ ետք կը մեկնին հայրենական եւ արտասահմանեան թեմեր՝ ծառայութեան:
Հայր Սուրբը մեծապէս գնահատեց հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ մատուցուող հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւնը՝ Հայաստանէն դուրս գտնուելով եւ ապրելով հանդերձ, անոնք պատրաստ են հայրենաշինութեան եւ կ’ապրին հայրենիքի նուաճումներով եւ վերելքով, իբրեւ արժանաւոր եւ հաւատացեալ Հայեր, Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակներ:

Հայր Սուրբը նաեւ այցելեց Դամասկոսի թեմական դպրոցը: Ան ծանօթացաւ պատերազմի պայմաններու տակ գործող դպրոցի ներկայ վիճակին եւ մեծապէս գնահատեց պատերազմի մէջ հայկական կրթական օճախները վառ պահելու անոնց նախանձախնդրութիւնը, ուժը եւ խոնարհութիւնը: Հայ դպրոցը, Հայ լեզուն, քրիստոնէական հաւատքը եւ Հայ եկեղեցին պահպանելու վճռակամութիւնը, լաւատեսութիւնը ապագայի  հանդէպ: Ան փառք տուաւ, որ մեր կրթական հաստատութիւնները կը գործեն կրթական զանազան խորհուրդներու ուսուցչական կազմերու, բարերարներու եւ նուիրեալներու բազում ջանքերով՝ յաղթահարելով բազմատեսակ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ:

Սուրբ  Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին