Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ընտրութեան Վճռական Պահը

Սիրելի՛ ընթերցող բարեկամ, սիրելի՛ քուէարկող,

Ժողովրդավարութեան հիմնաքարերէն մին թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան շրջափոխութեան օրինական եւ արդար իրաւունքներու ու պայմաններու տրամադրումն է: Երկրին ժողովրդավարական համակարգը խոցելի կը դառնայ, երբ իշխող ուժերը տասնամեակներ շարունակ կը մնան անփոփոխ, չեն թարմանար, չեն վերանորոգուիր եւ մանաւանդ առիթ չի յառաջացուիր ընդդիմադիր ուժերու յաղթանակին:

Միւս կողմէն, սակայն, իշխանութիւնը, ուժը, մի՛շտ ալ իշխանութեան, ուժի կը ձգտի: Հետեւաբար, դժուար է ակնկալել, որ ուժը իր ձեռքին ունեցող խմբակցութիւնը հրաժարի իր ուժէն, իշխանութենէն:

Հո՛ս է որ ժողովուրդին՝ քուէարկող զանգուածին, ժողովրդավար արժէքը ի յայտ կու գայ: Քուէարկող զանգուա՛ծն է որ կրնայ խաղաղ ու օրինական միջոցներով յառաջացնել իշխանափոխութիւնը: Բիրտ ուժը չի կրնար ժողովրդավարութիւն յառաջացնել:

Մի քանի օր ետք, լիբանանցին դարձեալ իր խօսքը ըսելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ:

Քուէարկողը իր քուէով կա՛մ պիտի բարեփոխէ անցնող քաղաքա-օրէնսդրական դաշտը, կա՛մ ալ պիտի նոյն ընթացքին մէջ ձգէ զայն՝ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:

Կ’ուզեմ յիշեցնել սակայն, որ անդրադառնանք, թէ շուրջ երկու տարի ետք մենք պիտի տօնենք Մեծն Լիբանանի հռչակման հարիւրամեակը:

Պահ մը պատկերացնենք հռչակման այդ գործընթացը. մարդիկ ու ղեկավարութիւններ ինչպիսի՛ ջանքեր թափեցին, որպէսզի կարենան գոյատեւող Լիբանան մը ունենալ: Ինչպիսի՛ իտէալական, խաչաձեւող տեսիլքներ ունէին անոնք, ինչպիսի՞ Լիբանան մը ժառանգեցին յաջորդ սերունդներուն:

Մեծն Լիբանանի հիմնադիրներուն անմիջական յաջորդ սերունդը մենք չենք. երկու միջանկեալ սերունդ կայ անոնց եւ մեր միջեւ:

Որքա՞ն գոհ ենք միջանկեալ այդ սերունդներուն գործունէութենէն, որքա՞ն արդիւնաւէտ գործեցին անոնք: Դասեր քաղենք անոնց յաջողութիւններէն ու անյաջողութիւններէն, սորվինք, թէ ո՛ւր անօգուտ ուժ վատնեցին, ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս «Միջին Արեւելքի Զուիցերիան» վերածեցին ջուրի, ելեկտրականութեան, աղբի, ենթակառոյցներու, փոխադրամիջոցներու, կաշառքի, փտածութեան, պարտքի, անգործութեան, անյուսութեան եւ այլեւայլ տագնապներու հայրենիքի: Ի՞նչ ըրին, որ հոս հասաւ Լիբանանը:

Անոնց հայրենասիրութեան վրայ կասկած չունիմ: Պարզապէս, անոնք հաշուեչափելու, վերլուծելու, համակողմանի քննելու, կշռադատելու, չափորոշելու դժուար կացութիւններ ունեցան ու շատ անգամ սայթաքեցան, չյաջողեցան, իրադարձութիւնները իրենց վերահսկողութենէն դուրս ելաւ…:

Նախորդ քուէարկողները կրնայի՞ն արգելք հանդիսանալ: Անշո՛ւշտ:

Սիրելի՛ լիբանանցի քուէարկող, Մայիս 6-ը վճռական պահն է. մտածէ՛, թէ դուն ի՛նչ պիտի ընես, ի՛նչ ժառանգ պիտի ձգես, ի՛նչ դեր կ’ուզես խաղալ…: Ինչպիսի՞ տրամադրութիւններով կ’ուզես դիմաւորել Մեծն Լիբանանի հարիւրամեակը…:

Մտածէ եւ այդպէ՛ս քուէարկէ:

Իմ ընտրական գրասենեակս կը գտնուի Թէքէեան Կեդրոնի երկրորդ յարկը: Ինծի կրնաք հեռաձայնել 03712058, կամ 01 444225 թիւով, յառաջիկայ օրերուն, առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:

Ալինա ԿիւլվանէսեանՏագէսեան
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին