Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Մայիս 8-ին Կ’ունենայ Վարչապետ. ՀՀԿ-ը Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

Հայաստանը Մայիս 8-ին կ’ունենայ վարչապետ: ՀՀԿ-ն պիտի սատարէ Խորհրդարանի 1/3 կողմէ առաջադրուած թեկնածուին, իսկ Հանրապետականը սեփական թեկնածու պիտի չառաջադրէ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին յայտարարեց ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը:

Նշենք, որ այս յայտարարութիւնը նախորդած է ՀՀԿ Խմբակցութեան նիստ մը: Ազգային Ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան նիստին մասնակցած է կուսակցութեան առաջնորդ, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Ազգային Ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանը լրագրողներուն յայտնած է, որ նիստի աշխատանքներու աւարտէն ետք լրագրողներուն պէտք եղած տեղեկութիւնները պիտի փոխանցուին:

Նիստի ընթացքին պատգամաւորները քննարկած են ստեղծուած ներքաղաքական վիճակէն դուրս գալու ուղիները:

«Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը Մայիս 1-ին խորհրդարանին մէջ կայացած յատուկ նիստին վարչապետ չընտրուելէ ետք, համապետական դասադուլի եւ գործադուլի կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն: Մայիս 2-ի առաւօտեան Հանրապետութեան ճամբաները փակ էին՝ ներառեալ միջմարզային, ներհամայնքային եւ այլք: Փակ էր նաեւ դէպի «Զուարթնոց» օդակայան տանող ճամբան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին