Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Տէր Եւ Իկին Կարօ Էշկեան 100.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրէ «Կիլիկիա» Թանգարանի Վերանորոգման

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս 1996 թուականին հաստատուած «Կիլիկիա» թանգարանը իր բովանդակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ընդհանրապէս  հայ կեանքէն ներս։ Հնագիտական ու մշակութային կարեւորութիւն ներկայացնող իրերու կարգին, հոն ցուցադրուած են Կիլիկեան շրջանի մշակութային եւ կրօնական բնոյթ ունեցող իրեր։ Իր հաստատումէն ետք թանգարանը ստացած է թանկարժէք նոր իրեր։ Հոն կ՚այցելեն հայ թէ օտար հիւրեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ յանձնախումբին հսկողութեամբ, թանգարանը պիտի ենթարկուի վերանորոգման ու վերադասաւորման։ Այս կարեւոր աշխատանքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Գալիֆորնիոյ ազգայիններէն եւ Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկեան, 100.000 ամերիկեան տոլարով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին