ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը Հանրապետութեան հրապարակին մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին կոչ ըրաւ Մայիս 1-ին չիրականացնել բողոքի գործողութիւններ եւ ճամբաներ չփակել:
«Պէտք չէ փողոց փակել, բողոքի տրամադրութիւն պէտք է չունենալ, որեւէ գործողութիւն չընել: Պէտք է ժամը 11:00-ին Հանրապետութեան հրապարակ հաւաքուիլ եւ տօնախմբութիւն կազմակերպել»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ըսաւ Փաշինեանը՝ նշելով, որ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղադրուած հեռուստապաստառներուն վրայ պիտի ցուցադրուի Ազգային ժողովի նիստը ուղիղ եթերով:
Ան յիշեցուց, որ ԱԺ «Ելք» խմբակցութիւնը իրեն առաջադրած է որպէս ՀՀ վարչապետի թեկնածու: «Առաջադրելու ժամկէտը անցնելէ ետք պարզուեցաւ, որ որեւէ այլ թեկնածու չէ առաջադրուած: Երեք խմբակցութիւնները (ԲՀԿ, ՀՅԴ, Ելք-խմբ.) յայտարարած են, որ պիտի աջակցին իմ թեկնածութեանս, իսկ Հանրապետական խմբակցութիւնը նշած է, որ ընտրութիւնս պիտի չխոչընդոտէ»,- շեշտեց Փաշինեանը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ բացարձակապէս էական չէ, թէ ո՛վ կ’ընտրուի ՀՀ վարչապետ: «Էականը ան է, որ կայ երկրի իշխանութիւնը սեփական ձեռքերով վերցուցած ժողովուրդ: Մեր երկիրը վայր մըն է, ուր տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը հիացնեն աշխարհին»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեանը:
«Ելք» խմբակցութեան կողմէ ՀՀ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեանը Ապրիլ 30-ին Ազգային ժողովին մէջ հանդիպումներ ունեցած է չորս խմբակցութիւններուն՝ ՀՀԿ-ի, ԲՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ «Ելք»-ի ներկայացուցիչներու հետ: Մայիս 1-ին ՀՀ ԱԺ յատուկ նիստին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետի ընտրութիւնը:






