*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Հայկական Լեռնաշխարհի բնակչութեան մասին մարդահամարի յստակ տեղեկագրութիւններու արձանագրութիւնները առհասարակ ոչնչացուած են զանազան քաղաքական պատճառներով: Կարգ մը արձանագրութիւններ հիմք ընդունելով՝ Սելճուք թուրքերու արշաւանքէն առաջ, Բագրատունեաց հարստութեան շրջանի բնակչութիւնը կը գնահատուէր շուրջ 10 միլիոն, որուն 6.2 միլիոնը կը կազմէին հայերը:
Մարդահամարի հասկցողութիւնը, մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան մէջ միշտ ալ եղած է խեղաթիւրուած, որպէսզի ճշգրիտ պատկերը քրիստոնեայ բնակչութեան երբեք երեւան չելլէ բռնատէր թուրքին բնաջինջ ծրագիրը իրականացնելու համար:
19-րդ դարուն երբ Ցարական Ռուսիան նուաճեց Արեւելեան Հայաստանի կարգ մը գաւառներ ու շրջաններ, ինչպէս նաեւ երբ Բրիտանական կայսրութիւնը ձգտումներ ունէր հասնելու Միջին Արեւելեան երկիրներ, Օսմանեան կայսրութիւնը կորսնցուց իր աշխարհակալ տարածքէն որոշ շրջաններ՝ տեղի տալով Սերպիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ անկախութեան:
Օսմանեան կայսրութեան տարածքին բնակող հայութեան համար կենցաղային բարեկարգումներ կարելի պիտի ըլլային նախատեսել, եթէ եւրոպական մեծ տէրութիւնները արգելք չհանդիսանային Ցարական Ռուսիոյ յառաջխաղացքին դէպի Փոքր Ասիա:
1878-ի Պեռլինի դաշնագիրը իր 61-րդ յօդուածով փոխարինած էր Սան Սթեֆանոյի 16-րդ յօդուածը, որ Ռուսիոյ տուած էր պարտաւորութիւն աչալուրջ հսկելու Օսմանեան թուրքին կողմէ շնորհուելիք կենցաղային ազատութեան՝ իր սահմաններուն մէջ բնակող հայ ազգաբնակչութեան: Բայց այդ կենցաղային բարեկարգումները երբեք պիտի չշնորհուէին, որովհետեւ Սուլթան Ապտուլ Համիտ ինք որոշած էր այդ բարեկարգումները գործադրել ըստ Պերլինի դաշնագրին: Ու շատ չանցած ան իր հրէշային ծրագիրը պիտի գործադրէր 1894-96 տարիներուն, կոտորելով 300,000 անմեղ հայեր՝ Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայաստանի զանազան հայաբնակ գիւղերու եւ գաւառներու մէջ:
Հայաջինջ այս գազանային ծրագիրը իրականացուց նաեւ կարգ մը հայաբնակ շրջաններու մէջ կրօնափոխութիւնը հայ ժողովուրդին՝ սպանդէ փրկուելու համար, իսկ շատերը գաղթականի ցուպը բռնած արտագաղթեցին Եւրոպա ու մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա:
Օսմանեան Կայսրութեան մարդահամարի համաձայն՝ արձանագրուած հայ բնակչութիւնը
16-րդ դարէն սկսեալ օսմանցի թուրքերը շուրջ 30 տարին անգամ մը մարդահամար կը կատարէին, որոնց պատկերը չէր հրապարակուած, քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ճշգրիտ համեմատութիւնը կայսրութեան տարածքին գաղտնի պահելու նպատակադրումով: Միայն 1828-ին եղած է հրապարակագրում մարդահամարի, որ շատ ալ պաշտօնական երեւոյթ մը չէր պարզեր, ցոյց կու տար 1.5 միլիոն հայ բնակչութիւն մը կայսրութեան տարածքին:
1828-ի տուեալները՝ Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի օրով պատրաստուած էր Քեհեա պէյ Պարթեւ էֆենտիի կողմէ, որ կը ներկայացնէր 1.5 միլիոն հայութեան բնակավայրը Անատոլուի շրջանը, ուր, ըստ իրեն, հայերը կը կազմէին մեծամասնութիւնը Ռայաներու, Գաւառներէ ներս: Իսկ, ըստ Քեմալ Քարբաթի, 80,000 հայութիւն կը բնակէր Կոստանդնուպոլսոյ եւ Օսմանեան պետութեան եւրոպական տարածքին:
Միւս կողմէ, պաշտօնական մարդահամարը 19-րդ դարուն արձանագրուած էր 1831-ին, ուր հարկային կանոնագրութիւնը պատճառաբանելով խեղաթիւրուած ներկայացուած էր:
Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտի իշխանութեան շրջանին, 1844-ի մարդահամարը հայ բնակչութեան իսկական պատկերը կը ներկայացնէր առաջին անգամ ըլլալով. 2.4 միլիոն թուարկումը կը յիշուի Օսմանեան տոմարներուն մէջ:
Հայութեան այս թիւը տրուած էր Փոքր Ասիոյ գաւառներուն համար, իսկ կայսրութեան եւրոպական տարածքին մէջ շուրջ 200,000 հայութիւն կար, որուն կարելի է աւելցնել Կոստանդնուպոլսոյ 200,000 հայութիւնը եւս:
Հայ բնակչութեան թուական այս արձանագրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան պատերազմական նախարար Ռիզա փաշային մտահոգութիւն պատճառեց, որովհետեւ ցարական Ռուսիոյ սահմանակից շրջանները, մանաւանդ Արարատեան դաշտի արեւմտեան գաւառները, ներառեալ՝ Էրզրումը, բնակեցուած էին հայերով, որոնք կը կազմէին գերիշխան մեծամասնութիւնը բնակչութեան:
1867-ին Փարիզի մէջ կայացած գիրքի միջազգային ներկայացման փառատօնին, Օսմանեան կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը՝ Սազանետտին պէյը իր պատրաստած գիրքին մէջ կը նշէր հայ ազգաբնակչութեան թիւը 2.4 միլիոն, ինչ որ չէր աճած 1844-ի մարդահամարէն ասդին: Բայց այդ հրատարակութեան խեղաթիւրումը ի յայտ եկաւ, երբ նոյն Փարիզի ձեռնարկութեան տարբեր հրատարակութիւն մը պատրաստուած՝ Օսմանեան կառավարական պաշտօնատար Մկրտիչ պէյ Տատեանի կողմէ կը թուէր 3.4 միլիոն հայութիւն Փոքր Ասիոյ մէջ, ու եթէ այդ թիւը չի համապատասխաներ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն հետ, արդէն պէտք է ոչնչացած ըլլար Փարիզ հասնելէն առաջ:
Իսկ 1877-78 պատրաստուած ցուցակը հայ ազգաբնակչութեան, որ Օսմանեան թուրք պատուիրակութիւնը ներկայացուց Պեռլինի վեհաժողովին, չէր ներկայացներ իսկական պատկերը, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի կողմէ ներկայացուած էր: Անոնք ներկայացուցին 1,250,000 թիւ մը, որ գրեթէ 50 տոկոսով խեղաթիւրուած էր հայկական 6 վիլայէթներու հայ բնակչութեան համար:
Իսկ 1882-ին կատարուած մարդահամարին համաձայն՝ հետեւալ պատկերը կարելի եղաւ վաւերական նկատել, Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանցի շրջագայութիւններէն, զորս կատարած էր ան 1878-ին՝ Կ.Պոլսոյ պատրիարքարանի կողմէ լիազօրուած այցելելով հայկական 6 վիլայէթները.
Վան՝ 400,000
Պիթլիս՝ 250,000
Տիարպեքիր՝ 150,000
Էրզրում՝ 280,000
Խարբերդ՝ 270,000
Սվազ՝ 280,000
6 վիլայէթներու ընդհանուր թիւը՝ 1,630,000:
Իսկ Կիլիկիոյ մէջ հայութեան թիւը կը գնահատուէր 280,000, որոնք առաւելաբար բնակութիւն հաստատած էին Ատանայի շրջանը:
Նոյն տարիներուն Հալէպի շրջանը կը հաշուէր շուրջ 100,000 հայութիւն:
Այս մարդահամարէն նաեւ ի յայտ եկան կարգ մը այլ տուեալներ հայ ազգաբնակչութեան մասին.
Տրապիզոն՝ 120,000
Պուրսա՝ 60,000
Այտին՝ 50,000
Անգարա՝ 120,000 (Գոնիայի շրջանը ներառեալ)
Մեծն Սուրիա՝ 40,000 (Պէյրութ, Մոսուլ, Պաղտատ եւ Պասրա)
Իզմիր՝ 65,000
Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ 135,000
Էտիրնէ՝ 50,000
Օսմանեան եւրոպական բաժին՝ 10,000 (Պալքաններ)
Վերոյիշեալ թուանշանները ամբողջական պատկերը կազմեցին 1882-ի մարդահամարին՝ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս արդարացնելով 2,660,000 հայ ազգաբնակչութեան թիւը:
Համիտեան գազանաբարոյ սպանդէն ետք առաջին պաշտօնական արձանագրութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան 1897-ի մարդահամարին համաձայն, հայերու թիւը կը գնահատէր 1,125,000 եւ 1906-ին այդ թիւը հասած էր 1,160,000-ի ու 1914-ին համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարին կան արձանագրութիւններ, ուր այդ թիւը հասած էր 1,195,000-ի: Այս տուեալները դարձեալ չե՛ն համապատասխաներ իսկական հայ ազգաբնակչութեան պատկերը տալու, որովհետեւ 1896-1914 թուականներուն զանգուածային զանազան տեղաշարժեր կային Արեւմտահայ նահանգներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Իսկ 1908-ի Երիտթուրքերու իթթիհատական յեղաշրջումով հայ ազգաբնակչութեան թիւը երբեք վաւերական չէ՛ր նկատուած, մանաւանդ Ցարական Ռուսիոյ տուեալներուն համաձայն, որովհետեւ Պեռլինի վեհաժողովին որոշումները կ’ուզէին գործադրել՝ կայսերական իրենց շահերը հետապնդելով:
1910-ին, Կ. Պոլսոյ պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանի տեղեկութեան համաձայն, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայութեան թիւը կը գնահատուէր 1,795,000: Իսկ աւելի ուշ նոյն տարուան աւարտին որպէս իթթիհատական Թուրքիոյ երեսփոխան, Գրիգոր Զօհրապի կողմէ այդ թիւը կը գնահատուէր 2.1 միլիոնի շուրջ:
1914-ին դաշնակիցներու կողմէ (Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա և Ռուսիա) եղած ուսումնասիրութիւնը Թուրքիոյ հայ ազգաբնակչութիւնը կը գնահատէր շուրջ 2,534,000, որոնց բնակութեան վայրերը թուագրուած են 4,060 քաղաքներ ու գիւղեր: Այս թիւը նաեւ որոշ աղբիւրներ գնահատած են որպէս 2.7 միլիոն:
Իսկ ամենաճշգրիտ պատկերը կը մնայ Արշակ Չօպանեանի ուսումնասիրութիւնը՝ գնահատելով 2,380,000, որուն կը համապատասխանեն այլ աղբիւներ եւս: Չօպանեանի այս ուսումնասիրութիւնը ներկայացուած էր նաեւ հետագային Ազգային Պատուիրակութեան արխիւներուն համար:
թուրքերու թուական խեղաթիւրումը Օսմանեան կայսրութեան հայ ազգաբնակչութեան վերաբերեալ կարելի եղաւ արդար մօտեցումով ուսումնասիրել 2013-ի Ապրիլ 29-ին զետեղուած կիպրացի թուրք դասախօս փրոֆ. Աթա Աթունի կայքէջէն, որ միայն կրնայ անճիշդ ու նպատակադրուած ներկայացնել իսկական վիճակագրութեան պատմական փաստարկուած տուեալները հայ ազգաբնակչութեան:






