ՀՀ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի համաձայն՝ վարչապետի թեկնածու առաջադրած է Նիկոլ Վովա Փաշինեանին: Այլ թեկնածութիւններ չեն առաջադրուած: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն:






