Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

«Մեր Եկեղեցին Միայն Հոգեւոր Կառոյց Չէ՛ Եղած Պատմութեան Ընթացքին, Այլ Նաեւ Իր Կեդրոնական Տեղը Ունեցած Է Եւ Ունի Հայկական Մշակութային Կեանքին Մէջ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերը Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլին Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդէս եկան «Ազգային Երգերու Համերգ»-ով, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին։

Խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին՝ զոյգ երգչախումբերը շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ աւելի քան հազար ներկաներու հրամցուցին հայկական փունջ մը ազգային երգեր, ինչպէս՝ «Ազգ Փառապանծ», «Հայրենի Կարօտ», «Հերոսների Կենացը», «Հարի Հարալօ» եւ այլն։ Առաջին հերթին ելոյթ ունեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբը իր աւելի քան 40 անդամներով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ «Արմաշ»-ը իր 20-է աւելի անդամներով, իսկ աւարտին զոյգ երգչախումբերը միացան ու թնդացուցին բեմը հայրենաշունչ երգերով։ Նշենք, որ իրենց բանաստեղծական կատարումներով երեկոն հմայեցին դպրեվանեցի երկու սաներ՝ տուտուկի ու դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։

Համերգի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բեմ բարձրանալով տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց խմբավար հայր սուրբը, որ մէկ տարուան ընթացքին Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի հսկողութեան տակ յաջողեցաւ իրականացնել այս համերգը ու բարի երթ մաղթեց անոր երաժշտական ասպարէզին՝ թելադրելով, որ միշտ լաւէն լաւագոյնին ձգտի։ Հայրապետը նշեց, որ պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցին միայն հոգեւոր կառոյց չէ՛ եղած, այլ իր կեդրոնական ներդրումը ունեցած է հայ գիրին, գրականութեան, մշակոյթին, արուեստին, մինչեւ իսկ յեղափոխական կեանքին մէջ։

Ներկաները սրահէն բաժնուեցան «Կիլիկիա» երգի երգեցողութեամբ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին