Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,
Երբ գիտակից տարիքի հասնելով՝ կեանք մտանք ու տեսանք մարդոց, մեր մօտիկ ու հեռու միջավայրին ծուռութիւնները, խաղքութիւնները, զարմացանք, թէ ինչո՛ւ մարդիկ նման պայմաններու մէջ կ’ապրին, չեն ձգտիր բարելաւել իրենց վիճակը:
Մեզի համար խորթ էին, մեր բարոյական արժեհամակարգին չէին համապատասխաներ, մեր ստացած դաստիարակութեան անյարիր էին մեր տեսած կեանքին մութ երեսները:
Այդ մասին երբ դիմեցինք մեր երէցներուն, ուզեցինք ստուգել, թէ մե՞նք սխալ կը տեսնենք, կամ իրե՞նք չեն տեսներ մեր տեսածները: Ուզեցինք գիտնալ, թէ իրենք ի՛նչ կը տեսնեն եւ ի՛նչ կ’ընեն իրենց տեսածներուն խնդրով:
Տեսանք, որ մեր երէցներէն շատեր մեր տեսածը կը տեսնէին, իրենց միջավայրէն դժգոհ էին, ոմանք նոյնիսկ հեռացած եւ իրենց երեւակայական աշխարհը ստեղծած էին՝ ջանալով նուազագոյնը շփուիլ զիրենք շրջապատող գէշ առօրեային հետ: Կարգ մը երէցներ աւելի սրտբաց եղան եւ իրենց կեանքի տասնամեակներու փորձով ըսին, թէ «կեանքը ասանկ եկեր է, ասանկ ալ պիտի երթայ»: Այլ խօսքով՝ ըսին, թէ իրենք փորձեր են, բայց չեն յաջողած բան փոխել եւ հասեր են տեղ մը, ուր յուսահատ, իրենց ձեռքերը լուալով, դուրս ելեր են կեանքը բարելաւելու առաքելութենէն:
Կեանքի իմ փորձառութիւնս ուրիշ բան կ’ըսէ երէցներուն «կեանքը ասանկ եկեր է..»-ին խնդրով:
Դժբախտաբար, կը տեսնեմ, որ կեանքը «ասանկ եկեր է», բայց ոչ թէ «ասանկ ալ կ’երթայ», այլ աւելի՛ կը վատթարանայ: Այլ խօսքով, կեանքը նոյն գէշ վիճակին մէջ չի մնար, կեանքին անկումը երթալով կը շեշտուի: Օրինակ մը տալու համար՝ նայեցէք Լիբանանի մեր հանրային պարտքին. այդ պարտքը ո՛ւր էր եւ ու՜ր հասաւ: Նայեցէ՛ք լիբանանահայ կեանքին՝ ո՛ւր էինք եւ ո՛ւր ենք:
Անշո՛ւշտ, յարգանք եւ գնահատանք ունինք բոլոր անոնց որոնք ջանացին, ճգնեցան կերտել չեղածէն, բարելաւել եղածը, բայց, ըստ երեւոյթին, կատարուող ճիգը քիչ է, կամ պէտք եղած արդիւնքը չի տար:
Ժողովուրդները կը կերտեն իրենց ճակատագիրը:
Հետեւաբար, եթէ կ’ուզենք, որ մեր կեանքը աւելի չվատթարանայ եւ աւելի լաւ կեանք ժառանգենք մեր զաւակներուն, ապա մեր պարտքն է դուրս գալ պարտուողական մեր կեցուածքներէն, հաւատանք, որ կրնանք բարեփոխել: Չէ՞ որ հազար մղոն երթը քայլով մը կը սկսի:
Մենք աւելի լաւ կեանքի արժանի ենք: Ես կը հաւատամ, որ հաւաքաբար մեր քուէներով կրնանք մեր հաւաքական կեանքին որակը բարելաւել:
Առնուազն մենք պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը ունինք մեր ճիգը ընելու այդ ուղղութեամբ: Իսկ եթէ հաւատքը ունենանք, ապա կը յաջողինք:
Իմ ընտրական գրասենեակս կը գտնուի Թէքէեան Կեդրոնի երկրորդ յարկը: Ինծի կրնաք հեռաձայնել 03712058, կամ 01 444225 թիւով, յառաջիկայ օրերուն, առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:
Ալինա Կիւլվանէսեան–Տագէսեան
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու