*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*
Ամէն ինչ ընթացաւ ծրագրաւորուած..: Երկրէն ներս տեղի ունեցածը այլ կերպ բնութագրել անհնար է եւ անիմաստ: Տեղի ունեցաւ սպիտակ յեղափոխութիւն, ուր ոմն Նիկոլ, յաջողեցաւ շարժել հազարներ եւ ժողովրդային ընդվզումի ու բողոքի առջեւ հրաժարեցաւ Խորհրդարանի կողմէ ընտրեալ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը, լսելով իր ընտրութեան դէմ բարձրացած բողոքի ձայնը, երբ ընդհանրապէս երիտասարդներէ բաղկացած ամբոխը կը բացագանչէր բարձրաղաղակ՝ «ՀԵՌԱՑԻ՛Ր ՍԵՐԺ»..:
Ու հեռացաւ Սերժը… ցուցաբերելով ղեկավարի ու առաջնորդի յատուկ արի կեցուածք, այսպիսով առաջքը առնելով ամէն տեսակ ընդհարումներու եւ նամանաւանդ՝ արիւնահեղութեան: Այս պարագան վեր է ամէն տեսակ գնահատականներէ, որովհետեւ Սերժ Սարգսեան եթէ դիմէր այլ տեսակ կարգադրութեան, երկիրը պիտի դիմագրաւէր անբաղձալի կացութիւն, որ մերժելի է մեր փոքրիկ Հայրենիքի եւ հայոց պարագային:
Սերժը հեռացաւ… բայց երեւի խաղի կանոնները ի սկզբանէ այլ էին… որովհետեւ Երեւանի մէջ ծայր առած ցոյցերը եթէ սկիզբը կ’արձակէին լոզունգներ, ուր գրուած էին՝ «ՀԵՌԱՑԻ՛Ր ՍԵՐԺ», «Ո՛Չ ՍԵՐԺԻՆ», «ՄԵՐԺԷ՛ ՍԵՐԺԻՆ», կը խորհէինք, որ պիտի գտնէին վերջ՝ վարչապետ Սարգսեանի հրաժարականով, որմէ ետք պիտի հանդարտէր երկիրը եւ Ազգային Ժողովը հիմնուելով Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, պիտի նախաձեռնէր տնօրինելու անհրաժեշտն ու պահանջուածը, երկրէն ներս պահելու համար կարգ ու կանոն:
Այսպէս մտածող քաղաքագէտներ եւ շատ մը պետական մարդիկ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային լայն զանգուածներ երբեք չէին կռահած, որ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» ունէր իր թաքուն, անյայտ ու չընթերցուած շարունակականութիւնը, որ կը պահանջէր օրերու հետ համբերութիւն, ընդհանրացուելու համար ժողովրդային զանգուածներու մօտ, մինչեւ որ հասուննար ժամանակը եւ ցուցատախտակներ յուշէին լռելեայն՝ «ՆԻԿՈԼ ՎԱՐՉԱՊԵՏ»..:
Հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար մեծ նշանակութիւն ներկայացնող Ապրիլ ամսուան մէջ պատահած այս բոլոր իրադարձութիւնները, տեղ մը բարեբախտաբար շուքի մէջ չձգեցին Ցեղասպանութեան ու Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման արարողութիւնները եւ Հայաստանի համբերատար ժողովուրդը, պահելով ազգային աւանդութիւնը եւ կարգն ու կանոնը, իր յարգանքը մատոյց՝ մեր բիւրաւոր նահատակներուն, բարձրանալով Ծիծեռնակաբերդ:
Մինչեւ հիմա կատարուածը դիտելով ամենայն հանդարտութեամբ ու պարզութեամբ, որպէս ընդվզումի ու բողոքի ալիք՝ բարձրացած հայրենաբնակ ժողովուրդին կողմէ, մեզի համար քիչ մըն ալ զարմանալի թուեցան արտաշխարհէն հնչած լոզունգները, որոնք, ճիշդ է, կը քաջալերէին «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը»՝ հրահրելով հազարներ, բայց միեւնոյն ժամանակ զարմացնելով մեզ, քանի որ հնչած խօսքերը ընդհանրապէս կը պատկանէին Հայաստանէն արտագաղթած եւ Արեւմուտք հաստատուած մեր հայ քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք հեռու-հեռուներէն կ’ուզէին լսելի դարձնել իրենց ձայները, վարչապետ Սարգսեանի հրաժարականին մէջ տեսնելով չակերտաւոր յաղթանակը:
Հիմա, որ արդէն բողոքարկող զանգուածներու փափաքածը իրականացաւ, ու Սերժ Սարգսեան հեռացաւ իշխանութենէն, վստահաբար նոյն այդ բողոքարկող ու հայրենիք լքած մեր հայրենակիցները վաղը պիտի աճապարեն վերադառնա՛լ երկիր, քաջալերելով հայրենադարձութիւնը եւ զարգացնելով տնտեսութիւնը: Հակառակ պարագային ինչո՞ւ էին այդքան մաղձ ու մելան: Սա թուաբանական հաշիւ չէ բնաւ, այլ կատարուածի արդիւնքը տեսնելու փափաք, որ կրնայ դասատու ըլլալ շատերուն:
Յեղափոխութեան ճանապարհին հնչած ու տարածուած տարօրինակութիւններու շարքին ամենատարօրինակը, ապշեցնողը, զարմացնողն ու ամչցնողը սակայն անպայման որ «ֆէյսպուք»-ի (Դիմատետրի) մէջ տարածուած գունաւոր հայհոյանքներն էին, պահ մը հարկաւ մոռցած ամէն տեսակի վարկաբեկումի արձագանգ..: Ես կեանքիս մէջ հայերէն լեզուի բառարանէն ներս երբեք ու երբեք այսքան առատ ու իրար գերազանցող «չնաշխարհիկ հայհոյանքներ» չէի լսած… այս որքա՜ն զարգացած ենք եղեր..: Շիտակը, այսքան գռեհկութիւն չէի տեսած: Հայ ժողովուրդը ե՞րբ արդեօք այսքան թրքացած էր…: Թող մնայի՛նք բողոքող, ատող, վարկաբեկող, բայց ոչ հայհոյող ու հասարակցող: Անցնի՛նք:
Կար նաեւ այլ տարօրինակութիւն մը, որ ապշեցուց զիս իր նորութեամբ: Հրապարակի վրայ շատ էին Ղարաբաղ ու ղարաբաղցի ատող ցուցարար կանայք կամ տղաներ, որոնք կը պահանջէին անյապաղ ղարաբաղցիներուն մեկնումը, վտարուիլը Հայաստանէն…դարձեալ վրձինաւորուած հայհոյանքի փողոցային լեզուով: Անոնք իրենց լոզունգներուն մէջ բոպիկաբար կը նախընտրէին Ալիեւը, քան թէ Սարգսեանը… Էրտողանը, քան թէ Սարգսեանը…: Ալ չենք խօսիր կենդանաբանական նմանութիւններու, պատկերներու, նկարներու եւ այլեւայլ տխուր ատելութիւններու մասին: Բայց աս ի՜նչ տեսակ հայրենասիրութիւն է… ազգասիրութիւն… հողային դատ ու «Անկատար տենչեր» հետապնդելու անհասկնալի ու անհաւատալի կամք ու կորով: Բարեբախտաբար, նոյն մարդիկ այս անգամ խնայած էին սփիւռքահայ հին ու նոր «Ախպարները»:
Այսօրուան դրութեամբ, Հայաստանի քաղաքներէն ներս պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած հրապարակային ցոյցերն ու հաւաքները տակաւին կը շարունակուին, առանց արգելքի, առանց սահմանափակումի, ամենայն ազատութեամբ, նոյնիսկ ոստիկաններու ուղեկցութեամբ: Հայաստանի օրուան Իշխանութիւններ, պիտի բարձրաձայնենք, որ իրենց համբերատարութեամբ ու թոյլտուութեամբ աշխարհին ցոյց տուին, որ Հայաստան իրապէ՛ս կը հանդիսանայ աշխարհի ամենաժողովրդավար երկիրներէն մէկը, գուցէ ամենաժողովրդայինը, քան կարծուած Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սկանտինաւեան երկիրները կամ ուրիշներ, ուր հնարաւոր չէ օրեր կամ շաբաթներ խախտել երկրի ներքին անդորրը, փակել ճանապարհները եւ ժողովուրդը հրաւիրել ըմբոստութեան, կազմակերպելով հանրահաւաքներ, հասնելու համար իշխանութեան:
Այսօր, մեր առջեւ այլեւս մնացած են ժամեր, երբ Ազգային Ժողովը պիտի գումարուի ընտրելու համար Հայաստանի նոր վարչապետը: Փափաքելի է, որ այդ ընտրութիւնը կայանայ հիմնուած Սահմանադրութեան օրէնքներու տրամադրութեան համաձայն եւ ինչ որ ալ ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը, ան ըլլայ ընդունելի որոշում բոլորին համար, որպէսզի երկիրը չերթայ աւելի մեծ ալեկոծումներու եւ պահուի հսկողութիւնը Հայաստանի տարածքէն ներս, միշտ մնալով իրաւական դաշտի սահմաններուն մէջ, մինչ այդ այս ուղղութեամբ շարունակելով ամէն տեսակ շինիչ երկխօսութիւն:
Համոզուած ենք, որ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը որ որդեգրած էր «Համբերութիւնը կեանք է» կարգախօսը, այլեւս համբերելիք սիրտ ու ժամանակ չունի, քանի որ երբ սպառի համբերութիւնը, այդ պարագային սպասումը կրնայ դառնալ ցաւցնող տանջանք: Մենք ազգովին կը սպասենք Ազգային Ժողովի պատգամաւորներէն, որպէսզի անոնք Խորհրդարանէն ներս բոլոր ժամանակներէն աւելի ըլլան նախանձախնդիր, ցուցաբերելու համար Միասնական առողջ կեցուածք, հայրենասիրութեան բարձր գիտակցութիւն եւ վարչապետութեան պաշտօնի հրաւիրել արժանաւորը, որ կրնայ դառնալ իրապէս ղեկավար, նաւավար, առաջնորդ եւ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող եզակի անձ, որ պիտի գիտակցի Հայաստանէն ներս գոյութիւն ունեցող բացթողումներուն, թերացումներուն… հասնելու համար անգործութիւն, կաշառակերութիւն… եւ նամանաւանդ մեծագոյն ախտ՝ ԱՐՏԱԳԱՂԹ..:
Ազգովին գիտենք, որ մօտիկ անցեալին ու մինչեւ օրս ալ Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներուն մէջ ծայր առած «Արաբական Գարուն»-ը, կամ կեղծ ժողովրդավարութեան քամիները հանդիսացան իրապէ՛ս ազգաքանդ, որոնք իրենց սաղմին մէջ նախ սկսան խաղաղ ցոյցերով, բայց աւարտեցան արիւնահեղութեամբ, սպանդով, երկիրներու ու քաղաքներու քանդումով, ժողովուրդներու տեղահանութեամբ ու գաղթով, եւ տնտեսութիւններու իսպառ փճացումով: Վստահաբար, իւրաքանչիւր հայ, ըլլայ ան պետական այր, իշխանամէտ, ընդդիմադիր կամ չէզոք, հոգեւորական կամ հասարակ քաղաքացի, պիտի լաւագոյնս գիտակցի, որ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար այլեւս արգիլուա՛ծ է ամէն տեսակ երկփեղկուածութիւն, անհանդուրժողականութիւն: Կա՛յ միայն մէկ ճանապարհ. ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ԲՌՆՑՔՈՒԻԼ..:
Կը խորհիմ, թէ գալիք օրերը կը պահանջեն գերզգուշութիւն՝ բոլոր բնագաւառներէ ներս: Մենք ունինք արթուն ու դարանակալ ոսոխներ, որոնք մեծ ու սադայելական ուշադրութեամբ կը հետեւին մեր բոլոր քայլերուն եւ կը սպասեն յարմար առիթի, իրագործելու համար իրենց գեհենային գերնպատակը: Ուստի իւրաքանչիւր րոպէ կրնայ մեզի համար հանդիսանալ ճակատագրական. եւ լուրջ սխալ մը, կամ թերացում մը, կամ ազգավնաս քայլ մը մեզ կրնայ առաջնորդել մեծ աղէտի, որուն ետեւ կրնան նաեւ կանգնած ըլլալ մեծ պետութիւններ: Պիտի համոզուինք ազգովին, որ մեր ժողովուրդը այլեւս կշտացած է եւ յոգնած է քաղաքական խակ ու անհեռատես հաշիւներէ..:
Կը զգանք ու գիտենք, թէ յառաջիկայ օրերը յղի են անակնկալներով, բայց ով ալ Մայիսի 1-ին պիտի գայ այդ խիստ պատասխանատու վարչապետի պաշտօնին, պէտք է գիտակցի, որ ան անպայման պէտք է մնայ հեռու՝ մենատիրական որոշումներ առնելու քայլերէն, քինախնդրութենէ, հաշուեյարդար տեսնելու մերժելի մոլուցքէն, որպէսզի համբերատար հայ ժողովուրդը վաղը չըսէ. «Անձրեւէն փախանք եւ կարկուտի բռնուեցանք..»:
Արդարեւ, վաղը, ով որ ալ ըլլայ վարչապետ, մենք զինք պիտի ճանչնանք աւելի ու աւելի, երբ ան բազմի պատասխանատու աթոռի վրայ… իսկ աթո՞ռը կը ցոլացնէ մարդու իրական դիմագիծը եւ նկարագիրը: Այժմ մեզի կը մնայ կանխաւ շնորհաւորել Հայաստանի նոր վարչապետը, յաջողութիւն մաղթել անոր իր դժուարին առաքելութեան մէջ, փափաքելով, որ ան ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդին վարչապետը, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին առաջնորդը, որ պիտի գայ նոր էջ բանալու 27–ամեայ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս, գործադրելով ակնկալուած իսկական ժողովրդավարութիւնը: