*ՍՈՆԱ ԱԲՈՒՆՑ*
ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի
2-րդ դասընթացքի ուսանողուհի
ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի պատուիրակութեան անդամները աշխատանքային 6-րդ օրը` Ապրիլ 26-ը, սկսան Սփիւռքի մէջ գործող հայկական միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ Հայկազեան համալսարան այցով: Պատուիրակութիւնը ընդունեց համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը: Պատուիրակութեան ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեանը Վերապատուելիին ներկայացուց Լիբանան այցելութեան նպատակը, մինչ այդ ունեցած հանդիպումներու շարքը, ցեղասպանագէտներու եւ լրագրողներու մասնագիտական փորձուսման ընթացքը: Հանդիպումի աւարտին Մհեր Յովհաննիսեանը Փոլ Հայտոսթեանին յանձնեց ԵՊՀ հրատարակչութեան 2016-2018 թուականներուն լոյս տեսած հայագիտական ուղղուածութեամբ գիրքեր, որոնք համալրեցին Հայկազեանի գրադարանը:
Պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցան Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան ամպիոնի վարիչ Յակոբ Եագուպեանի հետ, որուն ընթացքին ծանօթացան տեղի մանկավարժական կրթութեան առանձնայատկութիւններուն:
Այնուհետեւ հանդիպում կայացաւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»-ի խմբագրակազմին հետ: Ուսանողները ծանօթացան հանդէսի թեմայական ուղղուածութեան, 2015-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յատուկ համարին: Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանի Տագէսեանը ներկայացուց կեդրոնի գործունէութիւնը եւ պատուիրակութեան անդամներուն փոխանցեց վերջին տարիներուն իրականացուցած ուսումնասիրութիւններու հրատարակութիւնները: Յատկանշական է, որ Տագէսեանի հետ քննարկումի ընթացքին Յովհաննիսեանը առաջարկեց կեդրոնի յառաջիկայ գիտաժողովին հանդէս գալ պատուիրակութեան անդամներէն մէկուն թեկնածութեան թեմայական զեկուցումով: Պայմանաւորուածութիւն կայացաւ նաեւ «Հայկազեան Հայագիտական հանդէս»-ի մէջ երիտասարդ ցեղասպանագէտներու հրատարակուելու հարցին շուրջ:
Հայկազեան համալսարանին մէջ, հանդիպումներու շարքէն զատ, ՀՀԻ փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը հանդէս եկաւ «Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման նախադրեալները» թեմայով դասախօսութեամբ: Դասախօսուեան ներկայ էին համալսարանի Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանը, համալսարանի հայագէտ դասախօսներ, ուսանողներ: Դասախօսութեան յաջորդեց քննարկում:
Պատուիրակութեան անդամները հնարաւորութիւն ունեցան շրջելու համալսարանը, ծանօթանալու անոր պատմութեան: «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին մէջ ուսանողները Վերա Կոստանեանի օգնութեամբ ծանօթացան հարուստ գրադարանային ֆոնտի հաւաքածոներուն, առիթ ունեցան ուսումնասիրելու մասնագիտական գրականութեան շարք մը գիրքեր, թերթել սփիւռքահայ մամուլի հին էջերը: Զուգահեռաբար, Մ. Յովհաննիսեանը արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքի ղեկավար Նանոր Գարակէօզեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՀՀԻ կողմէ բաժանմունքի հետ մասնագիտական գործակցութեան հարցեր:
Պատուիրակութիւնը եղաւ նաեւ Հայ Աւետարանական գոլէճ: Այստեղ ցեղասպանագէտները բարձր դասարաններու մէջ դասաւանդումներ իրականացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն շուրջ: ԵՊՀ լիբանանահայ գործընկեր դպրոցներու թիւին աւելցաւ նաեւ գոլէճը, որուն տնօրէն Արմէն Իւրնէշլեանը ստորագրեց Յովհաննիսեանի կողմէ ներկայացուցած համագործակցութեան պայմանագիրը:
«Շաղզոյեան» կեդրոնը օրուան վերջին կանգառն էր: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ անուանի մանկավարժ, հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանի հետ, որուն ընթացքին հայրենի մանկավարժը իր փորձով կիսուեցաւ ներկաներուն հետ՝ քաջալերելով անոնց հայեցի դաստիարակութեան օգտաշատ աշխատանքին մղուելու:
Յաջորդը «Ազդակ» թերթի խմբագրատունն էր: Այստեղ խումբը հանդիպեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: Վերջինս ներկայացուց թերթի պատմութիւնը, հանդէս եկաւ համագործակցութեան պատրաստակամութեամբ: Այնուհետեւ ուսանողները շրջայց կատարեցին աշխատանքային բոլոր բաժինները, տեսան խմբագրակազմի աշխատանքային ամէնօրեայ գործունէութեան ընթացքը, ինչպէս նաեւ թերթի տպարանը, ծանօթացան թերթի տպագրման բոլոր փուլերուն: Զուգահեռաբար, Մհեր Յովհաննիսեանը հանդիպում ունեցաւ թերթի մասնագիտական դասընթացքները յաճախող լիբանանահայ չորս երիտասարդներուն հետ եւ քննարկում-հարցազրոյցի միջոցով, որ կատարուեցաւ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի շրջանակին մէջ գործող Յովհաննիսեանի հեղինակային հաղորդումին՝ «Համասփիւռք»-ի հերթական թողարկումի համար, ըրաւ հետաքրքրական դիտարկումներ տեղի հայ երիտասարդութեան լրատուական դաշտի վրայ ապագային գործելու սկզբունքներուն շուրջ: Հետաքրքրական էր հանդիպումը «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ: Զրոյցի ընթացքին Աւագեանը ներկայացուց ռատիօկայանի գործունէութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու ցեղասպանագէտներուն եւ լրագրողներուն հետ: Այնուհետեւ ուսանողները ծանօթացան ուղիղ եթերի աշխատանքներուն, շրջեցան հաղորդասրահները, որոնք վերջերս տեղի ունեցած հրդեհի ժամանակ բաւականին վնասուած էին եւ այժմ վերանորոգման փուլը կը գտնուին: Կարեւոր էր նաեւ Մ. Յովհաննիսեանի հանդիպումը ԵՊՀ հրատարակչութեան գործընկեր «Վահէ Սեթեան» հրատարակչութեան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի հետ: Փոխգործակցութեան հարցերու շուրջ ծաւալուած զրոյցէն ետք Հաւաթեանը Յովհաննիսեանին փոխանցեց իրենց հրատարակչութեան վերջին երկու տարիներու հրատարակութիւններուն օրինակները:
Պատուիրակութիւնը, ուշ երեկոյեան հիւրանոց վերադառնալով, արդէն կը պատրաստուէր այցի վերջին աշխատանքային օրուան, որ պակաս յագեցած չէր: