Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առթիւ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Գուտերեշը:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն, ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ձեզի կը յղեմ իմ շնորհաւորանքներն ու լաւագոյն բարեմաղթանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առթիւ:
Կ’ակնկալեմ սերտ համագործակցութիւն Ձեզի հետ Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերուն մէջ, այդ կարգին՝ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի եւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան անձնակազմի միջոցով:
Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւնը կը շարունակէ ապաւինիլ Հայաստանի աջակցութեան ու յանձնառութեան՝ համատեղ դիմակայելու համաշխարհային մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայուն զարգացման բնագաւառներուն մէջ»:






