Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ՀՀԿ Դիրքորոշումը Միասնական Կ’ըլլայ. Վահրամ Պաղտասարեանը՝ Խմբակցութեան Հետագայ Քայլերուն Մասին

Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութիւնը չի խոչընդոտեր ՀՀ վարչապետի ընտրութեան գործընթացին՝ քաղաքական միւս ուժերուն՝ «Ծառուկեան», ՀՅԴ եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն կողմէ մէկ թեկնածուի առաջադրուելու պարագային: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք՝ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը: «Եթէ Ազգային ժողովի երեք քաղաքական ուժերը մէկ թեկնածու ունենան, մենք որեւէ խոչընդոտ չենք հանդիսանար թեկնածուին, որուն ժողովուրդին թեկնածուն կ’անուանեն»,- ըսաւ պատգամաւորը: «Այսինքն՝ քուէարկութեան բաւարար մասնակից կ’ապահովէ՞ք» հարցին Վահրամ Պաղտասարեանը պատասխանեց՝ «Այո՛»:

ՀՀԿ-ական պատգամաւորի խօսքով՝ առաջարկած են կանոնակարգուած ընտրութիւններու երթալու համար դադրեցնել հանրահաւաքներն ու ճամբաները փակելու ցոյցերը, որպէսզի չխաթարուի ժողովուրդի անդորրութիւնը: «Ա՛յդ եղած է մեր պայմանաւորուածութիւնը»,- աւելցուց Վահրամ Պաղտասարեանը:

Ան կոչ ըրաւ առանձին պատգամաւորներուն արտայայտած մտքերը որպէս անհատական կարծիք ընդունելու եւ վստահ ըլլալու, որ ՀՀԿ-ն միասնական դիրքորոշում կ’ունենայ:  «Երբ խմբակցութիւնը հաւաքուի, որոշումը կը կայացնենք, ես առանց խմբակցութեան անդամներուն հետ հաւաքուելու որեւէ յայտարարութիւն չեմ ըներ: Իմ խմբակցութիւնս, ես ու բոլորս պայմանաւորուածութիւն ունինք, որ մեր որոշումը պէտք է միասնական ըլլայ»,-աւելցուց պատգամաւորը:

Այն հարցին, թէ ե՛րբ կ’ըլլայ խմբակցութեան հանդիպումը, Վահրամ Պաղտասարեանը պատասխանեց. «Թեկնածուներու պաշտօնական առաջադրումներէն ետք»:

Թեկնածուներու առաջադրման վերջնաժամկէտը Ապրիլ 30-ն է: Համաձայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ մասի՝ վարչապետի ընտրութեան հարցը կը քննարկուի Մայիս 1-ին՝ ժամը 12:00-ին:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին