Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Կարէն Կարապետեան Մերժեց Մասնակցիլ Անհեռանկարային Բանակցութիւններուն

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեանը յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Նիկոլ Փաշինեանի՝ երէկ «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ կայանալիք բանակցութիւններու հրաւէրին վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Նիկոլ Փաշինեանի հերթական հրաւէրը նախորդէն գործնականօրէն չի տարբերիր, բացի անկէ, որ այս անգամ չի թելադրեր, թէ որո՛ւն հետ պէտք է բանակցութիւններուն գալ:

Կարէն Կարապետեանի պատասխանը նոյնն է, ինչ նախորդ անգամ էր: Բանակցութիւնները, ուր մէկ կողմը բացառապէս օրակարգ կը թելադրէ, իսկ միւսը չի կրնար օրակարգ ներկայացնել՝ չեն կրնար պայմանաւորուիլ:

Բացի այդ, Կարէն Կարապետեանը այն տեսակէտին է, որ լրատուամիջոցներուն առջեւ բանակցութիւններու կայացումը արդէն իսկ կ’ենթադրէ, որ բանակցութիւններու նպատակը որեւէ արդիւնք արձանագրելը չէ:

Այդ իսկ պատճառով մասնակցիլ «բանակցութիւններու», որոնք լուծումներ գտնելու հաւանականութիւն չունին, վարչապետի պաշտօնակատարը անհեռանկարային կը համարէ:

Կարէն Կարապետեանի կարծիքով՝ Պարոն Փաշինեանի կողմէ կ’արժէ ընդունիլ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական բոլոր ուժերուն ուղղուած Հանրապետութեան նախագահի առաջարկը՝ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները համատեղ քննարկելու մասին»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին