Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ապրիլ 27-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական կայքը:
«Քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման այժմէական հարցեր: Նախարարները առանձին կանգ առած են Կասպիական 5-րդ համաժողովի իրականացման նախապատրաստական ընթացքին եւ Կասպից ծովի իրաւական կարգավիճակի մասին համաձայնագիրի ստորագրութեան վրայ: Բաց աստի, արծարծուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման որոշ երեւոյթներ»,- կ’ըսուի ԱԳՆ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ապրիլ 26-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած էր ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկելու համար Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ իրավիճակը շփման գիծին վրայ:






