Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Շնորհաւորած Է ՀՀ Նախագահին Եւ Սերտ Համագործակցութեան Յոյս Յայտնած

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առթիւ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Գուտերեշը:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն, ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Ձեզի կը յղեմ իմ շնորհաւորանքներն ու լաւագոյն բարեմաղթանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առթիւ:

Կ’ակնկալեմ սերտ համագործակցութիւն Ձեզի հետ Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերուն մէջ, այդ կարգին՝ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի եւ ՄԱԿ-ի հայաստանեան անձնակազմի միջոցով:

Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութիւնը կը շարունակէ ապաւինիլ  Հայաստանի աջակցութեան ու յանձնառութեան՝ համատեղ դիմակայելու համաշխարհային մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայուն զարգացման բնագաւառներուն մէջ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին