*ՄԻԼԵՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ*
Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը արտակարգ հնչեղութիւն կը վայելէ հայութեան մօտ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Աշխարհով մէկ սփռուած հայերը կը յիշեն եւ կ’ոգեկոչեն 1915 թուականին նահատակուած զոհերու լուսաւոր յիշատակը:
Պէյրութ աշխատանքային այցով գտնուող ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի պատուիրակութեան անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի օրը՝ Ապրիլ 24-ին, գործակցային հանդիպումներու եւ գիտաճանաչողական-պաշտօնական այցերու մասնակցեցան:
Ապրիլ 24-ի առաւօտեան համալսարանականները այցելեցին Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպեցան ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին: Հանդիպումին ՀՀԻ փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը խօսեցաւ գործուղղման նպատակներուն, իրականացուող ծրագիրներուն, լիբանանեան կրթական հաստատութիւններուն եւ ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի համագործակցական աշխատանքներուն մասին:
Մհեր Յովհաննիսեանը ներկայացուց նաեւ ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ ԵՊՀ հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած հայագիտական ուղղուածութեամբ գիրքերը: Անոնցմէ 26 անուն գիրք ան պատրիարքին նուիրեց:
Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն եւ ներկաներուն նուիրեց եպիսկոպոս Նազլեանի հեղինակած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն արձանագրած վկայութիւններու գիրքը:
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց աշխարհի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու միակ թանգարանը, որ կը գտնուի Լիբանանի պատմական Պիպլոս շրջան։ Խօսքը, անշուշտ, «Թռչնոց բոյն» որբանոցի թանգարանին մասին է: Թանգարանին նպատակը շեշտել է բարոյական արժէքները, զօրակցութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, բարեկամութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու, արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը։ Պատուիրակութեան անդամները դժուարութեամբ կը նկարագրէին թանգարանէն ստացած իրենց զգացողութիւնները՝ նշելով, որ անկարելի է բառերով պատմել, թէ ի՛նչպէս մարմնէդ սարսուռ կ’անցնի, երբ կը շրջիս այս թանգարանին մէջ, կը կարդաս ու կը լսես պատմութիւններ, կը նայիս նկարներէն ժպտացող, խօսուն հայեացքներով մանուկներուն….
Տպաւորուած «Թռչնոց բոյն» որբանոցի թանգարանով՝ ուսանողները Մհեր Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ ուղեւորուեցան Դպրեվանք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կարեւոր ներդրում ունի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական կեանքին ու հոգեւոր առաքելութեան մէջ: Ուսանողները շրջեցան Դպրեվանքի շրջակայքը, այցելեցին յուշահամալիր:
Օրուան աւարտին պատուիրակութեան անդամները շրջեցան Պէյրութի մէջ, եղան հայկական Արաքս փողոց, ուր կ’ապրին եւ կ’աշխատին մեծաթիւ հայեր, քալեցին Միջերկրական ծովի ափին եւ տեսան Պէյրութի խորհրդանիշը համարուող Pigeons» Rock limestone կղզին:
Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով կազմակերպուող ամէնամեայ երթի մասնակցութիւնը շատ խորհրդանշական է: Լիբանան եւ հայրենիք ապրող հայերը միաժամանակ կը համախմբուին թէ՛ ընդհանուր կորուստի ցաւի, թէ՛ պահանջատիրութեան շուրջ:
Հայրենիքէն մէկ շաբաթով Պէյրութ ժամանած երիտասարդները կը փաստեն, որ Լիբանանի մէջ իրենց անցուցած օրերուն ընթացքին ոչ միայն արդարացած են իրենց բոլոր սպասելիքները, այլեւ հնարաւորութիւն ունեցած են եւ կ»ունենան իւրաքանչիւր հանդիպումի ժամանակ շփուելու այստեղ բնակող հայրենակիցներուն հետ: Լիբանանի հայկական համայնքը ամուր է, քանի որ հոս բնակող հայերուն կը յաջողուի Լիբանանի մէջ արթուն պահել հայու տեսակը՝ հաւատարիմ մնալով արմատներուն: