Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ Ամեակի Եւ ՀԲԸՄիութեան 112-Ամեակի Նշում Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանէն Ներս

Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2018-ին Պօղոս Գ. Կարմիրեան  վարժարանի Զ., Է. եւ  Ը. կարգերու աշակերտները «Մենք Այսօր  Կա՛նք» թատերական  ներկայացումով  նշեցին Ցեղասպանութեան 103-ամեակը  եւ ՀԲԸՄիութեան 112-րդ  ամեակը:

  Ներկայացումը  կը  պատկերացնէ ՀԲԸՄ-ի  հիմնադրութեան դրդապատճառները: Դէպքը տեղի կ’ունենայ  15 Ապրիլ 1906-ին, Սուրբ  Յարութեան  տօնին  օրը, Պօղոս  Նուպար  Փաշայի  ապարանքը, ուր  հրաւիրուած էին  Եգիպտոսի  մէջ  ժողովրդային  եւ  պետական  շրջաններու  սէրն  ու  յարգանքը  վայելող  երեւելի  հայ  ազգայիներ՝    Եագուպ Արթին  Փաշա, Կարապետ  Շերիճեան  Պէյ, Մկրտիչ  Մարկոսով  Պէյ, Գրիգոր  Եղիայեան, Երուանդ  Աղաթոն  Պէյ,  Մկրտիչ  Անդրանիկեան,  Առաքել  Նուպար  Պէյ,  Տոքթ. Նազարէթ  Տաղաւարեան  եւ  Յովհաննէս  Յակոբեան: Ներկաները  ողջունելէ  ետք, Պօղոս  Նուպար Փաշան խօսք առնելով կ’ըսէ. «Հալածանքները  երկրին մէջ տակաւին կը շարունակուին: Թէ՛ երկրէն  ներս  եւ  թէ՛  երկրէն  դուրս  մեր  հայորդիներուն  վիճակը  ողբալի է:  Վայրագութիւններու տեսարանները ուղեղիս  մէջ  անընդհատ  կը  շրջին  եւ  կը  տանջեն  զիս: Կ’ուզեմ  լուծում  մը  գտնել: Կ’ուզեմ  վերջ  տալ  հայոց  գողգոթային: Կ’ուզեմ  որեւէ  ձեւով  օգտակար  դառնալ մեր  տառապեալ  ժողովուրդին:»

   Մտքերու  փոխանակումէն  եւ  զանազան  առաջարկներէ ետք, ծնունդ  կ’առնէ  Հայկական  Բարեգործական Ընդհանուր  Միութիւնը, որ խորքով  ու  էութեամբ համահայկական  միութիւն է:  Հիմնադրութեան  ատենագրութիւնը  ընթերցելէ  ետք, բոլոր  ներկաները  կը  ստորագրեն  ու  կը  հաստատեն:

   Ապա աշակերտուհի մը կ’ընթերցէ հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք Միութեան  կատարած  աշխատանքները, յատկապէս  Մեծ  Եղեռնի  օրերուն  եւ  անկէ  ետք, ուր  իր  ամբողջ  ուշադրութիւնը  սեւեռած  է  եղեռնահար  հայ  ժողովուրդի վերապրումին վրայ՝  մեծապէս  օժանդակելով  որբահաւաքի  խիստ  կարեւոր  աշխատանքին:

    Երկրորդ  արարը  կը  ներկայացնէր երեք  աշակերտուհիներ,  որոնք կը պատասխանեն հայերէնի  ուսուցչուհիին  թելադրած  հարցումներուն, որպէսզի մրցոյթին մասնակցին,  եւ  հարցումներու  ընդմէջէն  յաւելեալ  եւ հետաքրքրական  տեղեկութիւններ  կը  փոխանցեն  Միութեան  մասին:

  Աւարտին   բոլոր  դերակատարները   միասին  հետեւեալ  խօսքերով  կը  փակեն ներկայացումը. «Մենք՝  հետեւորդներս, 1915  թուականին  Հայոց  Մեծ  Եղեռնէն  վերապրածներուն,  ուխտած  ենք, որ  հայերէն  լեզուն, Պօղոս   Գ. Կարմիրեան  վարժարանն ու  ՀԲԸՄիութիւնը  յաւիտեան  վառ  պահենք  մեր  սրտերուն  մէջ եւ  զանոնք  հպարտօրէն  պիտի  փոխանցենք  յաջորդ  սերունդներուն»:

 Հուսկ, վարժարանիս տնօրէնուհին տիկին Մարալ  Պալեօզեանը  խօսք առնելով բարձր գնահատեց աշակերտերուն  սքանչելի  եւ  հոյակապ  ներկայացումը, որոնք  հմտութեամբ  եւ  անթերի ձեւով   ներկայացուցին, ինչպէս  նաեւ  յատուկ  շնորհակալութիւն  յայտնեց  եւ  շնորհաւորեց  հայերէն լեզուի  դասատու տիկին Մարալ  Գրտոքեանը, որ ստանձնած  էր  թատերգութեան  հեղինակութիւնն ու  բեմականացումը:

  Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի ձեռնակներու ծիրին  մէջ, Երկուշաբթի, 23 Ապրիլին վարժարանիս Զ.-էն Ը. կարգերու  աշակերտները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանքը եւ   Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին դիմաց  ծաղկեպսակ զետեղելով  իրենց  յարգանքի  տուրքը  մատուցեցին մեր մէկ ու կէս միլիոն  սուրբ  նահատակներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին