Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Երեւանի Պետական Համալսարան – Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի Կրթական, Գործնական Ուղղութիւններով

*ՍՈՆԱ ԱԲՈՒՆՑ*

Լիբանան գտնուող ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի պատուիրակութեան համար աշխատանքային շաբաթուան մեկնարկը տրուած է:

Պատուիրակութեան անդամ ցեղասպանագէտները Երկուշաբթի օր դասաւանդման առաջին փորձը ունեցան Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Դասաւանդման համար տարիքային խումբ ընտրուած էր 9-րդ, 10-րդ, 11-րդ դասարանները: Ապագայ ցեղասպանագէտ Մերի Գէորգեանը, դասաւանդելով 9-րդ դասարանին մէջ, շատ տպաւորուած է աշակերտներու հետ առաջին հանդիպումէն: «Տպաւորուած եմ եւ շատ ոգեւորուած: Ինծի ուրախացուց այն փաստը, որ երեխաները շատ հետաքրքրուած էին թեմայով, չնայած անոր, որ մինչեւ այսօր անոնք ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասընթացքներ չեն ունեցած եւ ընդհանրական գիտելիքներ ունէին միայն»:

Ըստ միւս ուսանողներուն՝ ընդհանուր հետաքրքրուածութիւն եւ ոգեւորութիւն կար նաեւ 10-րդ, 11-րդ դասարաններու աշակերտներուն մօտ: «Մտավախութիւն կար, որ արեւելահայերէնի հետ կապուած խնդիրներ կրնան ըլլալ, եւ հաւանական էր, որ աշակերտները չհասկնային, բայց նմանատիպ խնդիր չունեցանք»,- կը նշեն ուսանողները:
Այցը Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան պայմանաւորուած էր ոչ միայն դասաւանդումներով, այլեւ պայմանագիրի կնքումով:
ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը 2014-էն Լիբանանի մէջ իրականացուցած աշխատանքներուն շնորհիւ գործընկերային կապեր հաստատած է տեղի հայկական վարժարաններուն հետ՝ նպատակ ունենալով աջակցիլ սփիւռքահայ դպրոցի կրթական դասաւանդման գործընթացի արդիւնաւէտ կազմակերպման, մասնագիտական գրականութեան համալրման եւ դասաւանդող անձնակազմերու պատրաստման, վերաորակաւորման հարցերուն: Այդ վարժարաններուն աւելցած են 3 նոր վարժարաններ, որոնց մէջ առաջին անգամ յայտնուած են հայկական աւետարանչական վարժարաններ: Ստորագրութեան փոխանցուեցաւ համագործակցութեան պայմանագիրը, որ կ’ենթադրէ համագործակցութիւն իրականացնել կրթամշակութային հարթակին վրայ:

Այնուհետեւ խումբը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումին: Հանդիպում տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հայր Պօղոսի հետ:  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, մինչ այդ համագործակցութեան պայմանագիր ունենալով Երեւանի Պետական համալսարանի հետ, այս հանդիպումին թարմացուց համագործակցութիւնը: Քննարկումի ընթացքին նախանշուեցան գործակցային շարք մը խնդիրներ ու լուծման հնարաւոր կէտեր:

Յաջորդ կանգառը «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութիւնն էր: Մասնակիցները ծանօթացան թերթի աշխատանքներու կազմակերպման գործընթացներուն, հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու թերթի արխիւային համարներուն, խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ  քննարկեցին համագործակցութեան ուղիները:

 

Ապագայ ցեղասպանագէտները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակեն դասեր իրականացնելԱզգային Միացեալ վարժարանին եւ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, իսկ լրագրողները պիտի շարունակեն միջազգային փորձուսում ձեռքբերել «Զարթօնք»-ի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին