Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Germania Օդանաւային Ընկերութիւնը Հայկական Շուկայ Կը Մտնէ

Գերմանական Germania օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական չուերթներու գլխաւոր վարչութիւն դիմում ներկայացուցած է Պեռլին-Երեւան-Պեռլին երթուղով կանոնաւոր չուերթներ իրականացնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական չուերթներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ուղիղ օդային կապ հաստատելու շուրջ քննարկումները սկսուած էին 2016 թուականի ամրան, երբ Գլխաւոր վարչութեան պետ Սերգէյ Աւետիսեան հանդիպած էր Germania օդանաւային ընկերութեան եկամուտներու կառավարման եւ երթուղիներու ցանցի զարգացման տնօրէն Քլաուս Ալետենպուրկին եւ ընկերութեան վաճառքի կառավարող Ֆլորիան Ստահլին:

Պեռլին-Երեւան-Պեռլին երթուղով չուերթներու մեկնարկը կը տրուի Յունիս 16-ին: Չուերթները կ’իրականացուին շաբաթական մէկ անգամ յաճախականութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին