Կիրակի, 08. 03. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինծառայող Մը Վիրաւորուած Է

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդի կողմէ Ապրիլ 25-ին` ժամը մօտաւորապէս 17:10-ին, արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Մարտուն Խերունցը:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, վիրաւորուած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին