Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին վարժարանէս ներս տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի յիշատակի ոգեկոչում: Բացման խօսքով, 9-րդ դասարանի աշակերտ Հրակ Տէրտէրեան ըսաւ. «Այսօր մենք այն սերունդն ենք, որ, ճեղքելով Հայոց Պատմութեան ողբալի էջերը, կը կերտենք նորը, որ պայծառ գալիքի գրաւականը կը բովանդակէ, յարութեան աւետիսը կը տարածէ եւ յաղթանակի դրօշը կը պարզէ: Մենք մեր խոր արմատներուն կառչած՝ այսօր ի սփիւռս աշխարհին տարածուած ենք արդէն եւ մեր գործերով, ձիրքերով, քաղաքակրթութեամբ, մշակոյթով զինուած ահ ու դող կը պատճառենք մեր դարաւոր թշնամիին»: Ան շեշտեց, որ Եղեռնի յիշատակութիւնը անսակարկ բոլորիս պարտականութիւնն է, առիթ մըն է խոնարհելու նուիրեալ հերոսներու եւ անմեռ զոհերու յիշատակին, ըլլալ միասնակամ ուժ, խիզախ, պատուախնդիր եւ անվեհեր, կերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Գեղարուեստական բաժնով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները՝ ասմունքով ու երգով, 7-րդ դասարանէն Աքասիա Ազատեան՝ «Յիշեցէք Զիս» ոտանաւորով, 2-րդ դասարանէն Կալի Քըվըրեան եւ Կապրիէլլա Գոգեան՝ ապրիլեան խոհերով, 7-րդ դասարանէն Սելին Գոգեան՝ «Հայաստան» բանաստեղծութեամբ, ապա 5-րդ դասարանի աշակերտները՝ «Հնչեն Զանգեր», «Ես Կամ» եւ «Հայեր Միացէք» երգերով: 3-րդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Երգ Հայրենիքի Մասին», Աքասիա Ազատեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Մեղեդի» նուագը, որուն յաջորդեց 4-րդ դասարանին կատարողութեամբ «Մեզ Հետ Է եւ Ինքը՝ Աստուած» ասմունքը, ապա բեմ բարձրացաւ 10-րդ դասարանցի Սթեֆանի Փափազեան՝ «Պիտի Իյնաս» բանաստեղծութեամբ: Նաեւ 10-րդ դասարանէն Մարկրիթա Մալտոսեան ասմունքեց «Հաւատում Եմ Քեզ» ոտանաւորը, ապա յայտագրի վերջին բաժնով ելոյթ ունեցաւ BT3 դասարանի աշակերտ Սերժիօ Ահարոնեան՝ «Տուն Իմ Հայրենի» երգով:
Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանիս տնօրէն գերյարգելի Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեան ըսաւ, որ այս հանդիսութիւնը առիթ մըն է վերյիշելու, թէ մենք հալածուած ազգ մը եղած ենք մեր ազգութեան եւ կրօնքին համար եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ տուած ենք, որպէսզի շարունակենք ապրիլ իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ: Ան նշեց, որ յիշելը բաւարար չէ, պէտք է միշտ շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքերը: Ան շեշտեց նաեւ, որ մենք պէտք է կառչած մնանք մեր ազգութեան, կրօնքին, պատմութեան, լեզուին ու մշակոյթին, որովհետեւ առաջ մենք մէկ թշնամի ունէինք, իսկ այսօր անոնք բազմաթիւ են՝ անհաւատութիւն, անտարբերութիւն եւ նիւթապաշտութիւն: Ան կոչ ուղղեց նաեւ երախտապարտ ըլլալու այն երկրին, որ մեզ ընդունեց եւ պահեց, եւ մենք այսօր երախտապարտ ենք լիբանանեան հայրենիքին ու ժողովուրդին, որոնց պէտք է օգտակար դառնանք՝ ունենալու բարգաւաճ եւ խաղաղ երկիր մը:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ