Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Երեւանի Պետական Համալսարան – Այցը Նաեւ Հայրենիքի Սահմաններէն Հեռու Ապրող Հայրենակիցները Ճանչնալու Նպատակ Կը Հետապնդէ

*ՄԻԼԵՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ*
ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի
 2-րդ դասընթացքի ուսանողուհի

Լիբանանի մէջ ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի այցերը եւ գործնական հանդիպումները կը շարունակուին:

Պատուիրակութիւնը լիբանանեան գործուղղման երկրորդ օրը՝ Ապրիլ 22-ին ուղեւորուեցաւ Զմմառի միաբանութիւն եւ Այնճար: Զմմառի միաբանութեան մէջ ուսանողները այցելեցին տեղի թանգարանը, գրադարանն ու ընթերցասրահը, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային գրապահոցներու վայրը, ուր կը պահուին թուայնացուած ձեռագիրերը: Սկաւառակներու թիւը ժամանակի ընթացքին կ’աճի, քանի որ, ինչպէս աշխատակիցները կը նշեն, կը նախատեսուի միաբանութեան ձեռագիրերու թուայնացման հսկայածաւալ աշխատանքը աւարտել մինչեւ 2020:

Պատուիրակութեան անդամները ծանօթացան նաեւ 1810-էն Զմմառի մէջ իրականացուող գինեգործութեան պատմութեան, գինետեսակներուն եւ անոնց պատրաստման պայմաններուն:  Մառաններուն մէջ շրջայցերու ընթացքին ներկաներուն ցուցադրեցին նաեւ գինիներ, որոնց վաղեմութեան ժամկէտը կը հասնէր մինչեւ 1898 թուական:

Յաջորդ կանգառը Այնճարի քաղաքապետարանն էր: Պատուիրակութեան եւ քաղաքապետ Վազգէն Խոշեանի հանդիպումին քննարկման ենթարկուեցան հայրենիքի եւ Այնճարի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն միջեւ կապը ամրապնդելու հարցը եւ այդ ուղղութեամբ միտուած ծրագիրներու հաւանական տարբերակները: Այս մասին խօսելու ժամանակ ՀՀԻ փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ԵՊՀ-ի համագործակցութեան արդիւնքով իրականացուող «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, որուն շնորհիւ ամէն տարի մօտ 28 երկիրներէ աւելի քան 260 սփիւռքահայ կը հաւաքուի մէկ յարկի տակ, առիթ կ’ունենայ, մասնագիտացուած հինգ դասընթացքներէն մէկուն հետեւելէ զատ, կապ հաստատել աշխարհով մէկ սփռուած, տարբեր երկիրներ բնակող հայրենակիցներու հետ: Քաղաքապետը ողջունեց այս ծրագիրը՝ յոյս յայտնելով, որ տարիներու ընթացքին Լիբանանէն եւ յատկապէս Այնճարէն մեկնած մասնակիցներու թիւը կ’աւելնայ:

Հանդիպումէն ետք ուսանողները այցելեցին նաեւ Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցին, դպրոցը, ինչպէս նաեւ շրջեցան Այնճարի բերդի տարածքին:

Նշենք, որ գործուղղման յաջորդ օրերու ծրագիրները եւ Լիբանանի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան գործունէութիւնը պարբերաբար կը լուսաբանուին «Զարթօնք» օրաթերթի էջերուն մէջ խմբակցութեան հետ պատուիրակութեան երկու ուսանողներու փորձուսման ծիրէն ներս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին