Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

«Ելք»-ը Կողմնորոշուած Է Վարչապետի Թեկնածուի Հարցի Տեսակէտէն, Սակայն Անհրաժեշտ Ձայներու Հարցը Կը Մնայ Անորոշ

Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը կողմնորոշուած է վարչապետի իր թեկնածուի հարցի տեսակէտէն. կ’առաջադրեն Նիկոլ Փաշինեանին, սակայն ընտրուելու համար անհրաժեշտ նուազագոյն ձայներու հարցը անորոշ է:

Խմբակցութեան անդամ, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի կարծիքով՝ եթէ Փաշինեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեն «Ելք»-ի (9) եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի (31) բոլոր պատգամաւորները, ապա կ’ըլլայ 40 ձայն: Ընտրուելու համար անհրաժեշտ է 53 ձայն:

Սակայն մնացած 13 ձայնի հարցը անորոշ է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը արդէն յայտարարած է իր զօրակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին: Արտախորհրդարանական «Ժառանգութիւն», «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնները եւս յայտարարած են իրենց աջակցութիւնը:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Անդրանիկ Կարապետեանը եւ Սուրէն Մանուկեանը ընկերային ցանցի իրենց էջերուն գրառում կատարած են` յայտարարելով, որ ամբողջապէս կը սատարեն Նիկոլ Փաշինեանին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին