Հայոց Պատմութեան ու աշխարհագրութեան ընթացքն ու պատկերը, նախորդ դարասկիզբի Հայոց Ցեղասպանութեան ձգած ցաւն ու յիշատակը, օրերս Հայրենիքի մէջ կատարուող դէպքերու իրավիճակն ու անոնց մութ ճակատագիրը պատճառ հանդիսացան Ապրիլեան յատուկ թիւի մը դասական բովանդակութիւնը շրջանցած (ո՛չ ուղղափառ) այս հրատարակութեան լոյս ընծայման:
Պատմական զանազան ժամանակաշրջաններու Հայաստանի քարտէսներու մեր վերահրատարակութիւնը խորհուրդ մը ունի: Զգաստութեան համեստ կոչ մըն է թերեւս սթափեցնելու մեր ժողովուրդը, թէ ո՛ւր էինք, ո՛ւր հասանք եւ դեռ ո՜ւր պիտի հասնինք:
Հակառակ պատմութեան տուած դասերուն, հակառակ ներելի, թէ աններելի, սակայն ուսանելի մեր բոլոր բացթողումներուն, հակառակ մեր այսպէս կոչուած խելացութեան եւ «մենք քիչ ենք, սակայն մեզ Հայ են ասում»-ի նման խօսքերուն ու ինքնագովէութեան, մեր իրավիճակը ո՛չ միայն նախանձելի չէ, այլեւ աւելի քան մտահոգիչ, որովհետեւ այս ընթացքով մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը կրնայ օր մը գոյութիւն չունենալ այլեւս…:
Յոռետե՞ս. կրնայ ըլլալ, սակայն աւելի քան իրատես, որուն առաջքը առնելու համար մենք պէտք ունինք ազգային զարթօնքի մը, որ տակաւին կ’ուշանայ:
Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախով մէկտեղ հաստատուած է Հայոց պատմական հայրենիքի՝ Հայկական Լեռնաշխարհի ընդամէնը 1/10-րդ մասին վրայ։ Քաղաքական ճակատագրի բերումով մեր ծովէ-ծով հայրենիքը պատմական յիշողութիւն է։ Յիշողութիւնը սակայն կրնայ իրականութիւն դառնալ, երբ ան կը վերածուի պատմական դասի ու վաղուան գործունէութեան կանխորոշող խորհուրդի, եւ այսպէս շարունակ։ Հակառակը՝ այսինքն՝ առանց ազգային կենսական նոր զարթօնքին, մեր Հայրենիքին ապագայի քարտէսին չափը ճղճիմ պիտի ըլլայ, եթէ երբեւիցէ չափ մը ունենայ ան, անշո՛ւշտ:
Գրիչը բոլորիս ձեռքին է հաւասարապէս՝ ազգովին: Պատմական դասը ծառայեցնենք մեր ապագան կանխորոշող ԽՈՀԵՄ խորհուրդին, քանի տակաւին ուշ չէ: Ո՞ւշ է…: