Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Վերածնունդ» միջազգային 10-րդ ամէնամեայ մրցոյթ-փառատօնին այս տարի Արցախէն մասնակցած է 49 երաժիշտ, որուն 32-ը գրաւած են մրցանակային տեղեր:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու բաժինի պետ Ապրես Մարգարեանը:
Ան նշած է, որ մրցանակային տեղեր գրաւածներէն 8 հոգին գրաւած է առաջին տեղ, 15-ը՝ 2-րդ, 6-ը՝ 3-րդ, 1 հոգի ալ` 4-րդ:
Իսկ Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան հանրակրթական երաժշտական մասնագիտացած դպրոցի սաներ՝ Արեւիկ Պօղոսեանն ու Մարատ Մուսայէլեանը, (դասատու Նելլի Սարգսեան) հանդէս գալով դաշնամուրային զոյգ կատարումով, արժանացած են «Գրան-պրի»-ի:
Անոր խօսքով՝ արցախցի սաները հանդէս եկած են դաշնակի, դասական, էսթրատային եւ ազգային երգեցողութեան, տուտուկի, շուիի, շեփորի, քլարինեթի, սաքսոֆոնի, ձեռնադաշնակի, քանոնի, շեփորի անուանակարգերուն մէջ:
Ա. Մարգարեան ընդգծած է, որ տարուէ-տարի կ’աւելնան ինչպէս «Վերածնունդ» միջազգային փառատօնի արցախցի մասնակիցներուն, այնպէս ալ մրցանակային տեղեր գրաւածներուն թիւը:
«Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօնի յաղթողները եւ մրցանակակիրները տարուան ընթացքին համերգներով հանդէս պիտի գան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։
Նշենք, որ Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ Ապրիլ 5-ին տեղի ունեցած է «Վերածնունդ» 10-րդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը: Այս տարի, մրցոյթ-փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին, Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Կիւմրիի մասնաճիւղի հիմնադրման 20-ամեակին: