Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Վերածնունդ» Միջազգային Մրցոյթ-փառատօնին Արցախցի Երաժիշտները Արժանացած Են «Գրան-պրի»-ի

Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Վերածնունդ» միջազգային 10-րդ ամէնամեայ մրցոյթ-փառատօնին այս տարի Արցախէն մասնակցած է 49 երաժիշտ, որուն 32-ը գրաւած են մրցանակային տեղեր:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու բաժինի պետ Ապրես Մարգարեանը:

Ան նշած է, որ մրցանակային տեղեր գրաւածներէն 8 հոգին գրաւած է առաջին տեղ, 15-ը՝ 2-րդ, 6-ը՝ 3-րդ, 1 հոգի ալ`  4-րդ:

Իսկ Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան հանրակրթական երաժշտական մասնագիտացած  դպրոցի սաներ՝ Արեւիկ Պօղոսեանն ու Մարատ Մուսայէլեանը, (դասատու Նելլի Սարգսեան) հանդէս գալով դաշնամուրային զոյգ կատարումով, արժանացած են «Գրան-պրի»-ի:

Անոր խօսքով՝ արցախցի սաները հանդէս եկած են դաշնակի, դասական,  էսթրատային եւ ազգային երգեցողութեան, տուտուկի, շուիի, շեփորի, քլարինեթի, սաքսոֆոնի, ձեռնադաշնակի, քանոնի, շեփորի անուանակարգերուն մէջ:

Ա. Մարգարեան ընդգծած է, որ տարուէ-տարի կ’աւելնան ինչպէս «Վերածնունդ» միջազգային փառատօնի արցախցի մասնակիցներուն, այնպէս ալ  մրցանակային տեղեր գրաւածներուն թիւը:

«Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօնի յաղթողները եւ մրցանակակիրները տարուան ընթացքին համերգներով հանդէս պիտի գան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։

Նշենք, որ Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ Ապրիլ 5-ին տեղի ունեցած է «Վերածնունդ» 10-րդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը: Այս տարի, մրցոյթ-փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին, Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին  եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Կիւմրիի մասնաճիւղի հիմնադրման 20-ամեակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին